ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆԸ ԹՈՒԼԱՑԱԾ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել օրակարգը՝ մօտաւոր անցեալի բախումներուն ազդեցութեամբ։ Սահմանի վրայ կացութիւնը էապէս ապակայուն դարձած է վերջին օրերուն եւ հրադադարի խախտումները խլած են զոհեր։ Այս իրավիճակին մէջ, ըստ վերջին լուրերուն, այս պահու դրութեամբ լարուածութիւնը թուլացած է։ Երէկ գիշերուան ժամերէն սկսեալ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ յարաբերական անդորր կը տիրէ եւ իրավիճակը ընդհանրապէս հանգիստ է։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հայկական զինեալ ուժերը լիովին կը վերահսկեն իրենց զբաղեցուցած դիրքերը։ Այս առաւօտ եւս Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ գիշերը Ատըր-պէյճանի զօրքերը միայն հրացաններով կրակած են եւ հայկական բանակը սահմանի ամբողջ երկայնքով կը վերահսկէ իրավիճակը։

Գիշերուայ ժամերու յարաբերական անդորրով հանդերձ, երէկ Ատրպէյճան Տաւուշի մարզէն ներս թիրախաւորեց Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան ինքնաշարժ մը, որ մարդասիրական առաքելութիւն կ՚իրականացնէր։ Օրուան տեւողութեան, յամենայնդէպս, երէկ մտահոգիչ բնոյթով զանազան իրադարձութիւնները շարունակուեցան։ Պաքուէն հնչեցին զանազան սպառնալիքներ եւ այս ամբողջին մէջ կայ զգայացունց իրադարձութիւն մը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ կրնայ թիրախաւորուիլ Հայաստանի Մեծամօրի աթոմակայանը։ Սա ստեղծեց թէ՛ մեծ արձագանգ եւ թէ յառաջացուց բողոքի մեծ ալիք։ Միջազգային զանազան պայմանագրերով այսպիսի արարք մը պետական ահաբեկչութիւն կը համարուի։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը, հասարակական շրջանակները եւ նոյնիսկ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը ընդգծեցին այս հանգամանքը եւ միջազգային հանրութիւնը շարժման անցնելու հրաւիրեցին։

Միջազգային հարթութեան վրայ կը շարունակեն վերջին դէպքերը քննարկման նիւթ դառնալ։ Երէկ, Վիեննայի մէջ տեղի ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մըշ-տական խորհուրդի նիստը, որու ընթացքին հայկական պատուիրակութեան նախաձեռնութեամբ օրակարգի վը-րայ եկան վերջին բախումները։ ԵԱՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Արմէն Պապիկեան ներկայացուց Երեւանի մօտեցումները։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանն ալ երէկ մէկտեղուեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններու հետ, որոնց նկատառման յանձնեց վերջին իրադարձութիւններու մանրամասնութիւնները եւ հայկական կողմի առկայ մտահոգութիւնները։ Այս առաւօտ Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեանն ալ յայտարարեց, որ ուժային իւրաքանչիւր փորձ միայն կը խանգարէ խաղաղ բանակցային գործընթացը։

Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կոչ ուղղեց՝ յարգել հրադադարի դրութիւնը։ Ֆրանսայի խորհրդարանի բոլոր խմբակցութիւններու ներկայացուցիչները երէկ յայտարարութիւնով մը դատապարտեցին Ատրպէյճանի սադրանքը։

Մոսկուայէն ալ կը շարունակուին յայտարարութիւնները, որոնք կը վերահաստատեն ռուսական կողմի անմիջական ուշադրութիւնը։  Ռուսաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Անտրէյ Ուտենքօ յայտնեց, որ իր երկիրը հնարաւորը կ՚ընէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութեան նուազեցման նպատակով։ Ընդհանրապէս, հայկական դիւանագիտութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ, որ Ատրպէյճան կը տապալէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի բանակցային գործընթացը։

Այս իրավիճակին մէջ Պաքուէ ներս ալ ուշագրաւ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Երէկ, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ փոխեց երկրի արտաքին գործոց նախարարը։ Այսպէս, Էլմար Մամետեարով հեռացաւ պաշտօնէն եւ իրեն յաջորդեց Ճէյհուն Պայրամով։ Այս փուլին Ալիեւ խօսեցաւ բանակցութիւններու հաւանականութեան մասին, սակայն առկայ լարուած մթնոլորտին մէջ այդպէս ալ յստակ չընկալուեցան իր մտադրութիւնները։ Ատրպէյճանի մէջ սահմանի լարուածութեան իրադարձութիւնները կը զուգորդուին ներքին քաղաքական լուրջ խնդիրներով։

Միւս կողմէ, երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ վերջին սահմանային բախումներու ընթացքին նահատակուած սպաներէն Կարուշ Համբարձումեանի յուղարկաւորութիւնը։ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն ներս տեղի ունեցաւ արարողութիւնը, որուն հանդիսապետեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Վեհափառ Հայրապետի կողքին էին բանակի հոգեւոր առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան եւ միաբաններ։ Յուղարկաւորութեան ընթացքին դամբանախօսեց նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որու հետ Եռաբլուր փութացած էին նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան, երեսփոխաններ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Միւս կողմէ, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդն ալ (ԵՀԽ) յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի դէպքերուն կապակցութեամբ։ Այսպէս, ԵՀԽ-ի ընդհանուր քարտուղար Հայր Եոան Սաուքա յորդորեց փութով դադրեցնել հակամարտութեան սրացումը։ ԵՀԽ խորապէս անհանգստացած է այն տեղեկութիւններով, ըստ որոնց քաղաքացիական անձեր տուժած են, քաղաքացիական կարեւոր ենթակառուցուածքներ վնասուած են՝ ներառեալ քորոնաժահրի համաճարակի դէմ անձնական պաշտպանիչ միջոցներ արտադրող Տաւուշի գործարանը։ Համավարակով պայմանաւորուած առկայ իրավիճակին մէջ ԵՀԽ կողմերուն յորդորած է՝ հետեւիլ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի համընդհանուր հրադադարի կոչին։ Մինչ Հայաստան պատրաստակամութիւն յայտնած է հետեւելու համընդհանուր հրադադարին, ԵՀԽ ցաւով կ՚արձանագրէ, որ Ատրպէյճան չի հետեւիր այդ մէկուն։

ԵՀԽ-ի ընդհանուր քարտուղարը անդրադարձած է նաեւ ԵԱՀԿ-ի միջնորդական առաքելութեան եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու ջանքերուն։ Հայր Սաուքա կոչ ուղղած է կողմերուն՝ վերսկսիլ դիւանագիտական ջանքեր գործադրել հակամարտութիւնը հանգուցալուծելու նպատակով։

ԹՈՒՐՔԻԱ ԿԸ ԿՐԿՆԷ ԻՐ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Թուրքիա զանազան հարթութիւններու վրայ կը շարունակէ իր անվերապահ զօրակցութիւնը արտայայտել ի նպաստ Ատրպէյճանին Հայաստանի հետ ծագած վերջին բախումներու մթնոլորտին մէջ։ Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ ներկայացուած հինգ կուսակցութիւններէ չորսը (բացի ՀՏՓ-էն) երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով պախարակուեցան Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի վրայ գործուած յարձակումները։ Խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ շեշտուեցաւ, որ Հայաստան սխալ ճանապարհի վրայ է՝ Ատրպէյճանի տարածք Լեռնային Ղարաբաղն ու յարակից շրջանները տարիներէ ի վեր բռնագրաւման տակ պահելով։ Վերջին յարձակումները հերթական օրինակն են Հայաստանի նախայարձակ դիրքորոշման ու կը խոչընդոտեն Հարաւային Կովկասէ ներս կայունութեան ու մշտական խաղաղութեան հաստատուիլը։ Յայտարարութեան մէջ շեշտուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պէտք է լուծուի խաղաղ ճանապարհով, Ատրպէյճանի միջազգայնօրէն ճանաչուած սահմաններու եւ միջազգայնօրէն տարածքաշրջանային ամբողջականութեան վրայ։ Հայաստան պէտք է հնազանդի ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ԵԱՀԿ-ի որոշումներուն ու պէտք է ետ քաշուի իր գրաւած Ատրպէյճանի հողերէն։

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարն ալ երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան փոխ-նախարար Ռամիզ Թահիրովը։ Հանդիպման ընթացքին Հուլուսի Աքար նշեց, որ վերջին օրերու դէպքերու շուրջ անմիջական կապի մէջ են Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովի հետ։ Աքար պախարակեց Հայաստանի յարձակումը եւ ըսաւ, թէ Հայաստան անպայման պիտի վճարէ իր ըրած այս գործին փոխարժէքը։ «Իրենց լարած ծուղակին մէջ պիտի մնան», ըսաւ նախարարը եւ աւելցուց, որ Ատրպէյճանի մէջ ապրուած ամէն տեսակ ցաւը Թուրքիոյ մէջ զգալի է ամենախոր ձեւով։ Նախագահ Էրտողանի խօսքերը մէջբերելով՝ Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ սա Հայաստանի հասակէն վեր նախաձեռնութիւն մըն է։ Ոեւէ մէկը պէտք չէ կասկածի, թէ Թուրքիա Ատրպէյճանի թիկունքին է եւ ասկէ վերջ ալ պիտի շարունակէ ընել՝ ինչ որ պէտք է։

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020