Չորեքշաբթի 1, Յունուար 2025
ՀՍԿԱՅ ԴԼՓԻՆԻ ԿՄԱԽՔԸ
Միացեալ Նահանգներու մէջ գտած են հսկայ գիշատիչ դլփինի մը կմախքը։
Միացեալ Նահանգներու Հարաւային Քարոլայնա նահանգի հետազօտողները յայտնաբերած են Երկրի վրայ մօտաւորապէս 25 միլիոն տարի առաջ ապրած, ոչնչացուած նախապատմական դլփինի մը կմախքը: Այս գտածոյին անդրադարձած է «Current Biology» պարբերականը:
Ըստ գիտնականներու, Ankylorhiza tiedemani դլփինը ապրած է Օլիքոսենի դարաշրջանին եւ անոր երկարութիւնը հասած է 15 մեթրի:
Նախապատմական ստնաւոր կենդանիի առանձնայատկութիւններէն մէկն է իր մեծ ատամները՝ ակռաները, որոնք թոյլ կու տան որսալ սննդային ցանցի վերին հատուածի մէջ յայտնուած սնունդը: Նաեւ, ըստ հետազօտողներու, դլփինի կմախքի կազմութիւնը կ՚ենթադրէ, որ ան ունեցած է բնապահպանական հնարաւորութիւն:
Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020