ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՄԻՆՍՔ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Մինսք։ Ան այսօր կը մասնակցի Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստին, որ տեղի կ՚ունենայ Սպիտակ Ռուսիոյ վարչապետ Ռոման Կոլովչենքոյի տանտիրութեամբ։ Փաշինեան երէկ երեկոյեան Մինսքի մէջ դիմաւորուեցաւ Սպիտակ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց առաջին փոխ-նախարար Անտրէյ Եւթուչենքոյի կողմէ։

Այս օրուան ժողովին կը մասնակցին Եւոասիոյ տնտեսական միութեան անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները՝ ներառեալ Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուստին։

Այցելութեան ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանի ընկերակից պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան, Ուժանիւթի փոխ-նախարար Վարոս Սիմոնեան եւ այլ պաշտօնատարներ։

Մինսքի մէջ նախատեսուած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը Սպիտակ Ռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020