10 ՎԱՅՐԿԵԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻՆ…

48 հաթտոկ՝ 10 վայրկեանի մէջ… Ամերիկուհին արագ ուտելու նոր մրցանիշ սահմանած է ամէն տարի տեղի ունեցող մրցոյթի ընթացքին։

Ամերիկուհի Միքի Սուտըն նոր մրցանիշ սահմանած է Նիւ Եորքի մէջ կանանց միջեւ տեղի ունեցող հաթտոկ ուտելու ամենամեայ մրցոյթի ընթացքին։ Ան 10 վայրկեանի մէջ կերած է 48 հաթտոկ։

Միջոցառման տեսանիւթը հրապարակած է ESPN հեռուստաալիքը: Nathan՚s Famous Hot Dog Eating Contest մրցոյթը ամէն տարի կը կազմակերպուի Նիւ Եորքի մէջ, Միացեալ Նահանգներու Անկախութեան օրը:

Առաջին նմանօրինակ մրցոյթը տեղի ունեցած է 1916 թուականին: Այն ժամանակ իրլանտացի Ճիմ Մելըն, իբրեւ թէ, 13 նրբերշիկ կերած էր 12 վայրկեանի ընթացքին: Այդ ժամանակուընէ ի վեր մրցոյթը կազմակերպուած է ամէն տարի, սակայն դադրեցուած է միայն Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներուն:

2011 թուականին կազմակերպիչները որոշած են առանձին մրցումներ կազմակերպել կիներու եւ տղամարդոց միջեւ, քանի որ միջոցառումը մեծ ընդունելութիւն գտած է նաեւ կիներու մօտ։

Անցեալ տարի Միքի Սուտըն յաջողած էր 31 հաթտոկ ուտել, իսկ անոր մրցանիշը մինչեւ այսօր 41-ն էր։ Այդ ցուցանիշը ամերիկուհին արձանագրած էր 2017 թուականին: Ան 2014 թուականէն ի վեր այս մրցոյթին դափնեկիրն է առանց ընդհատումի կիներու մրցումներուն մէջ։

Կ՚արժէ վրան խորհելու… Արդեօք կրնա՞նք 10 վայրկեանի մէջ 48 հաթտոկ ուտել… Վստահաբար անկարելի է…

Ուրբաթ, Յուլիս 17, 2020