ԴԻԼԻՋԱՆԻ ՄԷՋ ՈԳԵՒՈՐ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍ

Դիլիջանի մէջ տեղի ունեցաւ երգահան, մանկավարժ, Հայաստանի ժողովրդական արուեստագէտ, մշակութային, հասարակական գործիչ Եդուարդ Միրզոյեանի 100-ամեակին նուիրուած նուագահանդէս մը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութեան եւ Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնին կողմէ։ 

Նուագահանդէսը տեղի ունեցաւ Երաժիշտներու միութեան Եդուարդ Միրզոյեանի անուան ստեղծագործական տան «Պեթհովեն» դահլիճին մէջ, ուր հանդէս եկաւ Հայաստանի Պետական սենեկային նուագախումբը՝ գեղարուեստական ղեկավար  երգահան Վահան Մարտիրոսեանի մականին ներքեւ:

Երաժիշտներու միութեան Դիլիջանի ստեղծագործական տունը հիմնադրուած է 1963 թուականին: Դահլիճի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը կայացած է 1984 թուականին: 2013 թուականէն ի վեր դահլիճը կը կրէ արուեստագէտ, երգահան Եդուարդ Միրզոյեանի անունը: Ըստ ականատեսներու, Եդուարդ Միրզոյեան մեծ մասնակցութիւն ունեցած է կառոյցի շինարարական աշխատանքներուն մէջ. ան տեղեակ էր դրուած ամէն մէկ քարին եւ ուշադրութեամբ կը հետեւէր շինարարութեան:

Ժամանակի ընթացքին երաժիշտներու ստեղծագործական տան մէջ հանդէս եկած են շարք մը անուանի երաժիշտներ, որոնք իրենց նպաստը բերած են կառոյցի կայացման եւ հեղինակութեան: Այս նուագահանդէսը ո՛չ միայն յարգանքի տուրք է մեծանուն երգահանի յոբելեանին, այլեւ կը նպատակադրէ նպաստել Դիլիջանի ստեղծագործական տան հանրահռչակման:

Միւս կողմէ, Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը վերջին շրջանին իր բոլոր նախաձեռնութիւններով նպատակ կը հետապնդէ մարզային մշակութային միջոցառումներով աշխուժացնել մշակութային կեանքը Հայաստանի մարզերուն մէջ, ուր հազուադէպօրէն տեղի կ՚ունենան նման տարողութեամբ ձեռնարկներ:

Շաբաթ, Յուլիս 17, 2021