ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ԿԱՄՔ

Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թին ե­րէկ տե­սակ­ցե­ցաւ Ղա­զա­խիս­տա­նի Նա­խա­գահ Նուր­սուլ­թան Նա­զար­պա­յե­ւի հետ։ Սո­չիի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան նաեւ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան բնա­կա­նո­նա­ցեալ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ Նա­զար­պա­յեւ լուրջ ջան­քեր գոր­ծադ­րած էր Ան­գա­րա-Մոս­կուա ա­ռանց­քին վրայ ծա­գած տագ­նա­պի յաղ­թա­հար­ման հա­մար, Վլա­տի­միր Փու­թին այս կա­պակ­ցու­թեամբ ար­տա­յայ­տեց իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը։

Փու­թին յայտ­նեց, թէ ռու­սա­կան կող­մը կը փա­փա­քի Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ան­ցեա­լէն ա՛լ ա­ւե­լի լաւ ըլ­լա­լը։ Ան անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի հետ Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման։ Ըստ ի­րեն, այդ տե­սակ­ցու­թիւ­նը ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ վե­րա­հաս­տա­տե­լու հա­մար, որ կող­մե­րը փո­խա­դար­ձա­բար ու­նին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վե­րա­կանգ­նե­լու եւ զար­գաց­նե­լու ձգտու­մը։

Միւս կող­մէ, Ռու­սաս­տա­նի ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը Սու­րիոյ մէջ կը շա­րու­նա­կեն ազ­դու ռմբա­կո­ծում­ներ ի­րա­կա­նաց­նել։ Ե­րէկ, ա­ռա­ջին ան­գամ ռու­սա­կան զօր­քե­րը Սու­րիոյ ի­րենց թի­րախ­նե­րը ռմբա­կո­ծե­ցին՝ թռիչք առ­նե­լով Ի­րա­նի ռազ­մա­խա­րիսխ­նե­րէն։ Ռու­սաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ի­րա­նի «Հա­մե­տան» ռազ­մա­խա­րիս­խէն թռիչք ա­ռած օ­դա­նաւ­նե­րը Սու­րիոյ մէջ ի­րենց թի­րախ­նե­րը ռմբա­կո­ծե­լէ վերջ վե­րա­դար­ձած են այդ նոյն վայ­րը։

Մինչ այդ, ռու­սա­կան զօր­քե­րու ե­րէ­կուան ռմբա­կո­ծում­նե­րը լուրջ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն Սու­րիոյ ճգնա­ժա­մի ըն­թաց­քին տե­սա­կէ­տէ։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յիս երկ­րի մե­ծա­գոյն երկ­րորդ քա­ղա­քի՝ Հա­լէ­պի հա­կակշ­ռին տի­րա­նա­լու նպա­տա­կով բա­խում­նե­րը սաստ­կա­ցած են։ Սու­րիոյ ղե­կա­վար Պե­շար Է­սա­տի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ե­րէկ կա­րե­ւոր ոս­տում մը կա­տա­րե­ցին՝ ի­րենց գլխա­ւոր դաշ­նակ­ցի՝ Մոս­կուա­յի մի­ջամ­տու­թեան շնոր­հիւ։ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն վերջ ե­րէկ ա­ռա­ջին ան­գամ ռմբա­կո­ծուե­ցան նաեւ «Էլ Նուս­րա» ճա­կա­տի շար­քե­րը։ Այս ի­րա­դար­ձու­թեան կը վե­րագ­րուի կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն՝ առ­կայ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն ա­ռու­մով։

Միւս կող­մէ, տե­ղա­կան թեր­թե­րը Մոս­կուա­յի մէջ բարձ­րաս­տի­ճան խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րու կող­մէ կա­տա­րուած շարք մը յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րու հի­ման վրայ կը գրեն, թէ ռու­սա­կան ռազ­մաօ­դա­յին ու­ժե­րը հա­ւա­նա­բար օգ­տա­գոր­ծեն նաեւ Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­խա­րիս­խը՝ Սու­րիոյ գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Թուր­քիա կրնայ հա­մա­պա­տաս­խան ար­տօ­նու­թիւ­նը տալ՝ ի շա­րու­նա­կու­թիւն Ռու­սաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման շուրջ առ­նուած քայ­լե­րուն։

Ռու­սաս­տա­նի Դաշ­նակ­ցու­թեան խոր­հուր­դի պաշտ­պա­նու­թեան ու անվ­տան­գու­թեան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Վիք­թոր Օ­զե­րով յայտ­նեց, թէ ռու­սա­կան զօր­քե­րը թէեւ կրնան այդ ռազ­մա­խա­րիս­խի կա­րի­քը չզգալ, սա­կայն նման թոյլ­տուու­թիւն մը պի­տի ա­պա­ցու­ցա­նէ, թէ Թուր­քիա պատ­րաստ է Ռու­սաս­տա­նի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րի շրջագ­ծով։  

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016