ԶԷՅՆԷՊ ԱԼԹԸՕՔ ԵՒ ՍԵԼԻՆԱ ՏՈՂԱՆ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑԻՆ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐ ՊԵՔԻՐ ՊՈԶՏԱՂԻՆ
ՃՀՓ-ական երկու երեսփոխաններ՝ Փոխ-կուսակցապետ Զէյնէպ Ալթըօք (Իզմիր) եւ Սելինա Տողան (Իսթանպուլ) նամակ մը գրեցին Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղին։ Այդ առթիւ անոնք ուշադրութիւն հրաւիրեցին երկրէն ներս փոքրամասնութիւններուն ուղղեալ ատելութեան արձանագրած վերելքին վրայ եւ կոչ ուղղեցին զգայնութեան համար։ Երկու երեսփոխանները յիշեցուցին, որ հանրային կարծիքին մօտ շրջանառութեան մէջ կը գտնուին զանազան պնդումներ, ըստ որոնց 15 Յուլիսի ձախող պետական հարուածը իրականացուցած ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցի ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն հայ մըն է։ Նման արտայայտութիւնները սկսած են հետզհետէ թիրախ դարձնել երկրի բոլոր քրիստոնեաներն ու հրեաները։ Զէյնէպ Ալթըօք եւ Սելինա Տողան նախարարին հասցէագրուած նամակին մէջ զգայնութեան կոչ ուղղած են՝ որպէսզի վերջ գտնեն նման արտայայտութիւնները։ Անոնք պահանջեցին, որ օրէնքները գործադրուին այդ արտայայտութիւններու պարագային, որովհետեւ անոնք կ՚անարգեն հասարակութեան մէկ հատուածը ու կը սպառնան անոր դէմ։ Երկու երեսփոխանները ուշադրութիւն հրաւիրեցին նաեւ այն հանգամանքին վրայ, թէ Յուլիսի 15-էն վերջ հասարակական կամ քաղաքական լարուածութիւնները կու գան փոխարինուիլ ընդհանուր համաձայնութեան մթնոլորտով մը։ Զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձը առիթ հանդիսացած է, որ բովանդակ երկիրը անդրադառնայ, թէ որքան մեծ կարիք մը գոյութիւն ունէր նման քաղաքական կլիմայի մը ձեւաւորման տեսանկիւնէն։ Հետեւաբար, պէտք է անպայման տեւականացնել այս կլիման։ Այսպիսի արտայայտութիւններու ժամ առաջ դադրեցումը անհրաժեշտութիւն մըն է երկրի հասարակութեան խաղաղութեան եւ քաղաքացիներու անվտանգութեան զգացումին տեսանկիւնէն։
Ալթըօքի եւ Տողանի համատեղ նամակին մէջ շեշտուած է, թէ ընդհանուր համաձայնութեան կլիմային կարիքը զգալի է ներկայ շրջանին, սակայն զանազան ազգային կամ կրօնական ինքնութիւններու ուղղեալ անարգական արտայայտութիւնները հետզհետէ կը վերածուին սպառնալիքի։ Նամակի բովանդակութեան մէջ ընդգծուած է համակեցութեան մշակոյթին կարեւորութիւնը։ Արդարեւ, յեղաշրջումները կանխելու ամենաազդու ճանապարհն է ոչնչացնել այն մթնոլորտը, որ կը սնէ այդպիսի փորձերը։ Հետեւաբար, համակեցութեան մշակոյթը պէտք է ամրապնդուի անպայման։
Նամակին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի արտաքին պատին վրայ անցեալ շաբաթավերջին գրուած ցեղապաշտական արտայայտութիւններուն։