ոսկէ մետայլ…

Ռիո­յի ա­մառ­նա­յին 31-րդ Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն շրջագ­ծով Հա­յաս­տան նուա­ճեց ոս­կէ մե­տայլ մը։ Այս ա­ռու­մով ար­դէն այս ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րը բա­ցա­ռիկ նշա­նա­կու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նեն հայ­կա­կան մար­զաշ­խար­հին տե­սա­կէ­տէ, ո­րով­հե­տեւ քսան տա­րուան ընդ­մի­ջու­մէ մը վերջ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն շրջագ­ծով Հա­յաս­տան ա­պա­հո­վեց ոս­կէ մե­տայլ մը։ Այդ պա­տի­ւը երկ­րին պար­գե­ւեց ըմ­բիշ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան։

98 քի­լօկ­րա­մի քա­շա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ յու­նահ­ռով­մէա­կան ո­ճի ըմ­բիշ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան եզ­րա­փա­կիչ փու­լին պար­տու­թեան մատ­նեց Քու­պա­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Եաս­մա­նի Տա­նիէլ Լու­կօ Քապ­րե­րան։ Խա­ղի ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան հան­դէս ե­կաւ գե­րա­զանց յա­ջո­ղու­թեամբ եւ հա­սաւ այս գա­գաթ­նա­յին նուաճ­ման։ Ան յա­ջո­ղե­ցաւ քսան տա­րի վերջ Ո­ղիմ­պիա­կան ոս­կէ մե­տայլ մը ա­պա­հո­վել Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ Վեր­ջին ան­գամ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու մէջ Հա­յաս­տա­նի ա­նու­նով ոս­կէ մե­տայլ նու­ճած էր Ար­մէն Նա­զա­րեան։

Ռիո­յի մէջ մրցա­նա­կա­բաշխ­ման փու­լին Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան տպա­ւո­րուած էր խո­րա­պէս։ Մե­տայ­լը ստա­նա­լու պա­հուն ան հա­գուած էր սպի­տակ շա­պիկ մը, ո­րու վրայ պատ­կե­րուած էր իր հա­մա­քա­ղա­քա­ցիին՝ Ար­ցա­խի հե­րոս նա­հա­տակ Ռո­պերթ Ա­պա­ճեա­նի դի­ման­կա­րը։ Բո­լոր նկա­րա­հա­նող­նե­րուն առ­ջեւ Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեան ցու­ցադ­րեց այդ սպի­տակ մար­զա­շա­պի­կը եւ ժպտաց ձեռ­քը կուրծ­քին։ Այս­պէ­սով ան փա­փա­քե­ցաւ շեշ­տել, որ իր յաղ­թա­նա­կը կը ձօ­նէ Ար­ցա­խի մէջ հե­րո­սա­բար զո­հուած­նե­րուն։

Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեա­նի նուա­ճած ոս­կէ մե­տայ­լը մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ստեղ­ծեց իր ծննդա­վայ­րին՝ Կիւմ­րիի մէջ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ կիւմ­րե­ցի­նե­րը ե­րէկ ուշ գի­շե­րին տօ­նե­ցին Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեա­նի յաղ­թա­նա­կը՝ երբ Ռիո­յէն հա­սաւ ա­նոր ոս­կէ մե­տայլ ստա­ցած ըլ­լա­լու վե­րա­բե­րեալ լու­րը։ Քա­ղա­քի «Վար­դա­նանց» հրա­պա­րա­կին վրայ հոծ թի­ւով մար­զա­սէր­ներ հե­տե­ւե­ցան եզ­րա­փա­կիչ խա­ղի սփռու­մին։ Յաղ­թա­կան ար­դիւն­քը անն­կա­րագ­րե­լի ու­րա­խու­թիւն մը պար­գե­ւեց ա­նոնց։ Բո­լո­րը ող­ջա­գու­րուե­լով զի­րար շնոր­հա­ւո­րե­ցին ու պար բռնե­լով տօ­նե­ցին այս մեծ նուա­ճու­մը։ Մար­դիկ փո­ղոց դուրս ե­կան ի­րենց ինք­նա­շարժ­նե­րով, մինչ քա­ղա­քին մէջ կը սլա­նա­յին ե­ռա­գոյն­նե­րը։ Ու­րա­խու­թեան, երգ ու պա­րի մթնո­լոր­տին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ նաեւ տօ­նա­կան հրա­վա­ռու­թիւն մը։

ԱՐ­ԾԱ­ԹԷ ՄԵ­ՏԱՅԼ­ՆԵՐ

Մինչ այդ, Ռիո­յի Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն Հա­յաս­տան ա­պա­հո­վեց նաեւ եր­կու ար­ծա­թէ մե­տայլ։ 66 քի­լօկ­րա­մի քա­շա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ յու­նահ­ռով­մէա­կան ո­ճի ըմ­բիշ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեան ա­պա­հո­վեց այդ ար­ծա­թէ մե­տայլ­նե­րէն մին։ Եզ­րա­փա­կիչ փու­լին ան չկրցաւ ա­ռա­ւե­լու­թեան հաս­նիլ Սեր­պիոյ ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին դի­մաց։ Հա­յաս­տան ար­ծա­թէ մե­տայլ մըն ալ ա­պա­հո­վեց ծան­րա­բարձ­րու­թեան մէջ։ 105 եւ ա­ւե­լի քի­լօկ­րա­մի քա­շա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ Գոռ Մի­նա­սեան զբա­ղե­ցուց երկ­րորդ հո­րի­զո­նա­կա­նը ու նուա­ճեց ար­ծա­թէ մե­տայլ։

ՄԵՆ­ՉԸՍ­ԹԸ­ՐԷՆ ՇՆՈՐ­ՀԱ­ՒՈ­ՐԱ­ԿԱՆ

Ռիո­յի մէջ հայ մար­զիկ­նե­րուն կող­մէ ար­ձա­նագ­րուած յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րը ող­ջու­նուե­ցան նաեւ հայ­կա­կան ֆութ­պո­լի ժա­մա­նա­կա­կից մե­ծա­գոյն աստ­ղին՝ Հեն­րիխ Մխի­թա­րեա­նի կող­մէ։ «Մեն­չըս­թըր Եու­նայ­թըտ»ի կազ­մին մէջ Անգ­լիոյ փրէօ­միէր լի­կէն ներս մրցա­պայ­քա­րի սկսած Հեն­րիխ Մխի­թա­րեան Դի­մա­գիր­քի իր է­ջին վրայ շնոր­հա­ւո­րեց Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն ըն­թաց­քին Ար­թուր Ա­լեք­սա­նեա­նը եւ Հա­յաս­տա­նի դափ­նե­կիր միւս ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 17, 2016