ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԽՕՍԵՑԱՒ ՔԵՐԻԻ ՀԵՏ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերիի հետ։ Ծանօթ է, որ Օգոստոսի 24-ին Թուրքիա պիտի այցելէ ԱՄՆ-ի Փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն։ Իսկ այս շաբաթավերջին ԱՄՆ-ի Արդարադատութեան եւ Արտաքին գործոց նախարարութիւններէ՝ չորս պաշտօնատարներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը պիտի գայ Թուրքիա։ Այս այցելութիւններուն ընդառաջ տեղի ունեցաւ Չավուշօղլու-Քերի հեռախօսազրոյցը։
15 Յուլիսին տեղի ունեցած զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձէն ի վեր յեղաշրջուած է նաեւ թուրք-ամերկեան յարաբերութիւններուն օրակարգը։ Ձախող պետական հարուածը իրականացուցած ահաբեկչական զուգահեռ կառոյցը՝ ՖԵԹԷՕ-ի պարագլուխ Ֆեթհուլլահ Կիւլէն տարիներէ ի վեր կ՚ապրի Փենսիլվանիոյ մէջ, ԱՄՆ։ Այդ հագամանքը արդէն Թուրքիոյ մէջ վերջին շրջանին հակաամերիկեան տրամադրութիւններ յառաջացուցած է, աւելի՛ն՝ տպաւորութիւն, թէ զինեալ յեղաշրջման ձախող փորձին մէջ կրնայ բաժին ունեցած ըլլալ ամերիկեան կողմը։
Երկկողմանի օրակարգի այս առաջնահերթութեան մթնոլորտին մէջ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ճոն Քերի երէկուան զրոյցին ընթացքին անդրադարձան Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման հարցին։ Նկատի ունենալով, որ այս նիւթը Օգոստոսի 24-ին նախատեսուած Պայտընի շփումներուն ընթացքին ալ պիտի շօշափուի առաջնահերթօրէն՝ երկու նախարարները երէկ քննարկումներ կատարեցին նաեւ այս առընչութեամբ ու կանգ առին Պայտընի մօտալուտ այցելութեան մանրամասնութիւններուն վրայ։ Ծանօթ է, որ 15 Յուլիսի դէպքերէն վերջ օրակարգի վրայ եկած էր Ճոն Քերիի Թուրքիա այցելութիւնը, սակայն աւելի վերջ այցելուի մակարդակը փոխուեցաւ եւ ամերիկեան կողմը որոշեց Ճօ Պայտընը ուղարկել Թուրքիա։
Չավուշօղլու եւ Քերի երէկ անդրադարձան նաեւ Սուրիոյ իրադրութեան։ Անոնք խօսեցան Մեմպիչի մէջ կատարուած գործողութեան եւ Հալէպի կացութեան շուրջ։ Չավուշօղլու հերթական անգամ ընդգծեց թրքական կողմին զգայնութիւնը ՓԵՏ-ի վերաբերեալ։ Ծանօթ է, որ Մեմպիչ վերջերս Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերու ջանքերով մաքրագործուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումէն։ Ամերիկեան կողմը նախընտրած էր այդ գործողութիւններուն ՓԵՏ-ին մասնակցիլը։ Թուրքիա երկար ժամանակէ ի վեր կ՚ընդդիմանայ ՓԵՏ-ականներուն Եփրատի արեւմուտքը անցնելուն դէմ։ Մեմպիչը ազատագրելու ուղղեալ գործողութիւնները այս առումով համարուեցաւ բացառութիւն մը։ Թուրքիա հաւանութիւն տուաւ հաշուի առնելով ամերիկեան կողմին տուած երաշխիքը՝ որով Մեմպիչի ազատագրումէն վերջ ՓԵՏ-ականները պիտի վերադառնային Եփրատի արեւելքը։ Այս իրավիճակին մէջ երկու նախարարները խնդրին անդրադարձան երէկուան հեռախօսազրոյցին ընթացքին։
Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ներկայիս կը նախատեսուին բարձր մակարդակի վրայ իրերայաջորդ այցելութիւններ։ Ճօ Պայտընի այցելութենէն վերջ այս անգամ Թուրքիայէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը պիտի մեկնի Ուաշինկթըն։ Այսպէս, Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ շփումներ պիտի ունենան ԱՄՆ-ի մէջ։ Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ պիտի գտնուի Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի արտայանձնման խնդիրը։