ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ այցելեցին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր ընդունուեցան Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ։ Հանդիպումէն վերջ Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ ջերմ զրոյց մը ունեցած է երկու սրբազաններուն հետ եւ ուրախութիւն յայտնեց անոնց օրհնութիւնը ստանալու առիթին համար։ Ատենապետ Շիրինօղլու նշեց, որ կարծիքի փոխանակումներ ունեցած են՝ համայնքային ընթացիկ հարցերու շուրջ։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017