ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Հայ բժիշկներու համաշխարհային 12-րդ համագումարը, որ ներկայ ամառնամուտին տեղի ունեցաւ Պուէնոս Այրէսի մէջ, կը շարունակէ արձագանգ գտնել սփիւռքեան մամուլէն ներս։ Ամերիկահայ «Նոր Օր» թերթին մէջ վերջերս շահեկան հարցազրոյց մը լոյս տեսաւ այդ համագումարի մասնակիցներէն Տքթ. Վարդան Թաշճեանի հետ։ Ստորեւ կ՚արտատպենք Խաչիկ Ճանոյեանի կողմէ կատարուած այդ տեսակցութիւնը։

*

Մայիս 31-Յունիս 2, 2017, Արժանթինի մայրաքաղաքը՝ Պուէնոս Այրէսի մէջ տեղի ունեցաւ հայ բժշկագիտական համագումարը, որուն ներկայ եղան աշխարհի զանազան երկիրներէ 660-է աւելի հայ բժշկական եւ առողջապահական ասպարէզի մէջ գործող հայեր: Այդ համագումարին մէջ տրուեցան հարիւրէ աւելի զեկոյցներ:

Լոս Անճելըսէն ներկայ էին առողջապահութեան մասնագէտ անձնաւորութիւններ՝ Վարդան Թաշճեան, Պետրոս Գոճեան, Սիլվա Կարճիքեան, Վիգէն Սեփիլեան, Սիմոն Քէօշկէրեան եւ Ծովինար Թէքքէլեան-Քէօշկէրեան, Ճոնի Ահարոնեան, Կարօ Դերձակեան, Շանթ Շխրտըմեան, Պենօ Ներսէսեան, Վաղարշակ Փիլոսեան, Ռաֆֆի Թաշճեան: Բոյժ-քոյրեր՝ Սալբի Ագարակեան, Զարմինէ Նագգաշեան, Ռոզին Տէր-Դաւիթեան, Քրիստին Օկանեան եւ ուրիշներ:

Այդ առիթով, մեր աւագ աշխատակիցներէն Խաչիկ Ճանոյեանի բացառիկ հարցազրոյցը՝ բժիշկ, գրող եւ հասարակական գործիչ Տքթ. Վարդան Թաշճեանի հետ։

-Տոքթոր, վերջերս Արժանթինի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ բժիշկներու համաշխարհային համագումարը. կրնայի՞ք այդ մասին պատմական հակիրճ տեղեկութիւններ տալ։

-1974-ին, Լիբանանի Հայ բժշկական միութիւնը, ատենապետութեամբ Տքթ. Յակոբ Քըրքեաշարեանի կազմակերպեց Համահայկական բժշկական միջազգային առաջին համագումարը՝ Լիբանանէն եւ Սփիւռքէն մօտ 200 բժիշկներու մասնակցութեամբ: Ժողովի աւարտին կը հիմնուէր Հայկական բժշկական համաշխարհային ընկերակցութիւնը (Armenian Medical World Association), որ անյապաղ կը վաւերագրուէր Լիբանանի պետութեան կողմէ որպէս ոչ-հասութաբեր բարեսիրական կազմակերպութիւն: Այդ համագումարին ստեղծած վարակիչ խանդավառութենէն կը ծնէին կամ կը վերաշխուժանային հայկական բժշկագիտական ընկերակցութիւններ: Այդպէսով կարելի կ՚ըլլար շարունակել նոյնանուն համագումարներու կայացումը Սփիւռքի զանազան հայագաղութներուն մէջ. Վենետիկ՝ 1980-ին, Մոնթրէալ՝ 1984-ին, Փարիզ՝ 1992-ին, Պոսթոն՝ 1995-ին, Լիոն՝ 1998-ին, Թորոնթօ՝ 2001-ին, Սան Ֆրանսիսքօ՝ 2005-ին, Լոս Անճելըս՝ 2013-ին եւ Պուէնոս Այրէս՝ 2017-ին:

1990-ին Մոնթրէալի մէջ հիմնուեցաւ Հայկական բժշկական միջազգային վարչութիւնը (Armenian Medical International Committee - AMIC), որ այդ թուականէն ի վեր կը սատարէ համագումարներու կազմակերպումին առողջապահական ընկերակցութիւններու հետ:

Հայաստանի վերանկախացումէն ետք, 2003-էն սկսեալ նոյնանման համագումարներ կայացան Երեւանի մէջ, եւ հիմա, երկու տարին անգամ մը կը շարունակուին փոխն ի փոխ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

12-րդ համագումարի կազմակերպողներն էին՝ առաջին՝ PLAS - Լատին Ամերիկայի առողջապահութեան հայ արհեստավարժներ: Երկրորդ՝ FUNCEI - Ստամպուլեան Հիմնարկ, երրորդ՝ FIDEC ոչ-հասութաբեր կազմակերպութիւն, հաստատուած ԱՄՆ-ի մէջ եւ վերջապէս՝ AMIC:

Համագումարի նախագահն էր արժանթինահայ մեծանուն բժիշկ Տքթ. Տանիէլ Ստամպուլեան, որ կատարեց բացման խօսքը։ Մասնակից հիւրերն ու պատգամախօսներն էին՝ Հրանոյշ Յակոբեան (Սփիւռքի նախարարուհի), որ շեշտը դրաւ հաւատքի, յոյսի,  սիրոյ վրայ, Սէրկէյ Խաչատրեան (Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ), Ճերի Մանուկեան (AMIC-ի նախկին ատենապետ), Յակոբ Քըրքեաշարեան (առաջին համագումարի նախագահ), Վարդան Թաշճեան (առաջին համագումարի հիմնադիր), Վիգէն Սեփիլեան (AMIC-ի ներկայ ատենապետ) եւ  Գիսակ Արք. Մուրատեան (Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց առաջնորդ)։

-Ինչպէ՞ս էր ընդունելութիւնը:

-Ազնիւ ու ջերմ, թէ՛ պետական եւ թէ՛ ոչ-պետական առումներով: Արժանթինի պետութիւնը կը ներկայացնէր Առողջապահութեան նախարար Լեմոս Խորխէն եւ Պուէնոս Այրէսի քաղաքապետ՝ Լարեթա Հորասիօ։

-Քանի՞ հոգի կը մասնակցէր համագումարին եւ որո՞նք էին արծարծուած հարցերը:

-Հակիրճ գնահատումով ըսեմ, որ 660 արձանագրուածներ կային: Եղան 100-110 զեկուցողներ, շուրջ յիսունը՝ Լատին Ամերիկայէն, գլխաւորաբար Արժանթինէն: Տասը՝ Հայաստանէն, քսանը՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, որոնցմէ տասն՝ Գալիֆորնիայէն, իսկ մնացեալները՝ եւրոպական երկիրներէ. Անգլիա, Ֆրանսա, Հոլանտա եւ այլն: Համագումարը ընթացաւ երեք լեզուներով՝ սպաներէն, անգլերէն եւ հայերէն:

Առաջին օրուան հարցերն էին՝ ա) Հայաստանի եւ Արցախի ներկայ առողջապահական վիճակը, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան կրթական վիճակը: բ) Ուռուցքաբանութիւն, քաղցկեղ (Oncology): գ) Ակնաբուժութիւն (Ophthalmolog):

Նոյն գիշերը, Հիլթոն պանդոկի «Աթլանթիքա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բարի գալուստի հիւրասիրութիւն մը հոծ բազմութեամբ, ճոխ ճաշկերոյթով։ Գործադրուեցաւ գեղեցիկ յայտագիր մը։ Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի մօտ Արժանթինի դեսպանը՝ Կոնզալօ Ուրիոլապենիթա։ Այս առթիւ, Տքթ. Տանիէլ Ստամպուլեան մի քանի անձեր արծաթեայ ափսէով պարգեւատրելէ ետք, նոյնպէս պարգեւատրեց նաեւ պարոն դեսպանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելով ըսաւ, թէ Երեւանի մէջ շատ հայ բարեկամներ ունի եւ ինքզինք հայ կը զգայ: Ապա Տքթ. Ստամպուլեան զիս ալ հրաւիրեց բեմ եւ պարգեւատրեց: Շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք, Գալիֆորնիոյ մէջ մեքսիքացի հիւանդներէս սորված սպաներէնովս շեշտեցի, թէ բոլորս մարդկային էակներ ենք, բոլորս արժանթինցի ենք, բոլորս հայ ենք։

Ժողովը հեզասահ կերպով շարունակուեցաւ յաջորդ երկու օրերու ընթացքին, մանրակրկիտօրէն պատրաստուած յայտագրով: Առողջապահութեան զանազան բնագաւառները ներկայացուեցան հետեւեալ կարգով. Կնոջաբանութիւն  (gynecology), սրտաբանութիւն (cardiology), արիւնաբանութիւն (hematology), ատամնաբուժութեան եւ դեղագործութեան գիտութիւններ, հոգեւոր-մտային առողջութիւն, բոյժ-քոյրական աշխատանիստեր, մանկաբուժութիւն (rediatrics), մաշկային հիւանդութիւններ, (dermatology),  գերզգայնութիւն (allergy), ծերունաբանութիւն (gerontology), ինչպէ՞ս բարելաւել Հայաստանի եւ Արցախի առողջապահական խնամքը, պատկերով ախտաճանաչում (diagnostic imaging), հեռաբժշկութիւն (telemedicine), վարակիչ հիւանդութիւններ, ներքին հիւանդութիւններ, գեղձային հիւանդութիւններ (endocrinology), սննդաբանութիւն (nutrition), շաքարախտ (diabetes), սփորթային բժշկութիւն (sports medicine), ոսկրախտ (osteoporosis):

-Ի՞նչ էր նպատակը այս համագումարին:

-Նպատա՞կը, առողջութեան պահպանումը եւ բարելաւումը, ինչպէս նաեւ հիւանդութիւններու կանխարգիլումն ու բուժումը լայնօրէն նկատի առնուեցան «առողջութիւն նորարարելու, ամբողջացնելու եւ յառաջացնելու մարտահրաւէրը» լոզունգով: Այս բոլորը նորագոյն գիտահետազօտական, կրթական եւ ծառայողական գիտելիքներու լոյսին տակ ներկայացուեցան, քննարկուեցան եւ դասաւորուեցան՝ հայրենիքի եւ մարդկութեան օգտակար դառնալու նպատակով: 

-Ի՞նչ տպաւորութիւն ձգեց այս համաժողովը:

-Եղածը առողջապահութեան փառատօն կարելի է համարել: Տքթ. Ստամպուլեանի եւ կազմակերպողներու համար, ինչպէս ֆրանսերէն կ՚ըսեն՝ chapeau! Հայ բժշկական 12-րդ համագումարի ընդմէջէն անգամ մը եւս աշխարհին ցուցաբերուեցաւ համաշխարհային հայ մտքին գիտական փայլատակումը: Մասնակիցներուն մէջ, Հայաստանէն եւ Սփիւռքէն կը գտնուէին միջազգային հեղինակութիւն դարձած հայու բեկորներ՝ երիտասարդ թէ փորձառու։

Կ՚ուզեմ նշել նաեւ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայ բոյժ-քոյրերու օգտակարութիւնն ու անփոխարինելի նուիրուածութիւնը, մանաւանդ կրթական եւ ծառայողական ոլորտներու մէջ:

-Տոքթոր, կ՚ուզէի՞ք քանի մը բառով խօսիլ Ամերիկայէն եւ յատկապէս Գալիֆորնիայէն մասնակցողներուն մասին:

-Այսպէս. 1) Ցոլինէ Գոճաօղլանեան: Հայրը՝ Գրիգոր Գոճաօղլանեան, 1950-ականներուն եղած է ընկերս Թէքէեան ուսանողաց եւ Հայ համալսարանական ուսանողաց միութեան մէջ: 2) Ալիսիա Տեմիրճեան, հօրեղբայրը՝ Սարգիս Տեմիրճեան, 1950-ական թուականներուն դասընկերս եղած է Պէյրութի Ֆրերներու դպրոցին մէջ եւ Լոս Անճելըսի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի բարերար: 3) Վիգէն Սեփիլեան, մեծ հայրը՝ Արշակ աղբար (Գալեմքերեան) եւ հայրս 1940-ական թուականներուն բարեկամներ եղած են: 4) Ռաֆֆի Թաշճեան, զոր ճանչցած եմ իր ծնունդէն առաջ (Տքթ. Ռաֆֆի Թաշճեան ատենապետն է Գալիֆորնիոյ հայ բժիշկներու միութեան, փրոֆեսըր-բժիշկ է UCLA համալսարանի մէջ եւ զաւակն է մեր շատ սիրելի Տքթ. Վարդան Թաշճեանի - Խ. Ճ.):  Վերոյիշեալ քառեակը միջազգային հեղինակութիւն ունեցող մանկաբուժութեան մասնագէտներ են, որոնք կը զբաղին 1974-ին սկսած այս համագումարներու շարժումով. շարժում մը, որ դադրած է մանուկ ըլլալէ եւ դարձած է 43 տարեկան չափահաս՝ առողջապահութեան եւ, աւելի կարեւոր, միասնականութեան օրինակ:

-Ինչպէ՞ս աւարտեցաւ համագումարը:

-Համագումարը իր աւարտին հասաւ Տքթ. Ռաճըր Օհաննէսեանի Eycare Project Armenia ծրագրին, Գարակէօզեան հաստատութեան եւ Արժանթին վաղուց հաստատուած հայերու ուղղուած յարգանքի մատուցմամբ, ինչպէս նաեւ Գիսակ Սրբազանի գնահատանքով եւ աղօթքով:

-Ո՞ւր պիտի կայանայ յաջորդ համագումարը:

-Յաջորդ համագումարը պիտի կայանայ Մոսկուայի մէջ:

-Ունի՞ք վերջին խօսք:

-Այո՛, 43 տարի վերջ կը վերահաստատեմ, թէ հայ ժողովուրդը աշխարհի մեծամասնութիւն համարուող ժողովուրդներու քով՝ փոքրամասնութիւն է թիւով, իսկ փոքրամասնութիւններու քով՝ մեծամասնութիւն՝ իր բնածին տաղանդով:

-Տքթ. Թաշճեան խորին շնորհակալութիւն այս խիստ շահեկան զրոյցին համար: Փառք ու հազար պատիւ մեր բժիշկներուն, որոնք նման բարձունքի հասած են աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ: Ձեզի կը մաղթենք երկար եւ կենսառողջ օրեր, իսկ հայ բժիշկներուն ալ նորանոր նուաճումներ:

Ինչպէս Օմար Խայեամ ըսած է՝

«Մահուան քաշած նետին հանդէպ ամէն վահան անօգուտ է,

Արծաթի եւ ոսկիի տուած շքեղութիւնն անօգուտ է,

Կեանք ու աշխարհ որքան  մօտէն կրցայ քննել, հասկցայ թէ

Բարի գործէն զատ ամէն բան աշխարհիս մէջ անօգուտ է»: 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2017