ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՋԵՐՄ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՓԱՐԻԶԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջերս այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպումի մը մասնակցեցաւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ «Յեղափոխութեան յաղթանակի տէրը Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնն է, սփիւռքը Հայաստանի հարստութիւնն է», յայտնեց հաւաքոյթի ընթացքին Աննա Յակոբեան։

Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթի հաղորդումներով, Ֆրանսայի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» կեդրոնի երդիքին տակ Աննա Յակոբեան հրապարակային հանդիպումի մը մասնակցեցաւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ Ըստ թերթի հաղորդումներուն, հակառակ օգոստոսի արձակուրդի շրջանին եւ տօթին՝ խուռներամ բազմութիւն մը համախմբուած էր սրահին մէջ։ Այնտեղ էին միութիւններու, կազմակերպութեանց եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ։ Ներածական հակիրճ խօսքով ելոյթ ունեցաւ դեսպանուհի Յասմիկ Տոլմաճեան եւ բոլորին կողմէ ողջունեց Աննա Յակոբեանը եւ նշեց, թէ վարչապետի տիկնոջ ծանր պարտաւորութիւններու կողքին ան կը շարունակէ գլխաւորել «Հայկական Ժամանակ» օրաթերթը եւ անցնող 25 տարիներու ընթացքին եղած է թաւշեայ յեղափոխութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի հաւատարիմ զինակիցը։ Վերջին շրջանին իր նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է «Իմ քայլը» հիմնադրամը եւ իր առաջնորդութեամբ ծայր առած է «Կանայք յանուն խաղաղութեան» արշաւը։

Դեսպանուհին իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Անկախ մեր ծննդավայրէն, հաղորդակցութեան լեզուէն, հասարակական կամ քաղաքական պատկանելիութենէն՝ մենք բոլորս ունինք մէ՛կ գաղափար, մէ՛կ սկզբունք, մէ՛կ երազանք, այն է՝ ունենալ հպարտ, արժանապատիւ եւ զօրաւոր երկիր, որու կողքին մեր բոլոր դժուարութիւնները չնչին են եւ յաղթահարելի»։

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Յակոբեան եւ ըսաւ, թէ ուրախ է, որ առիթը ստեղծուած է հանդիպելու իր հայրենակիցներուն հետ եւ ներկայացնելու վերջերս Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած կարեւոր, պատմական եւ լուսաւոր փոփոխութիւնները։ Ան ըսաւ, թէ արդէն իսկ շփում ունեցած է համայնքի զանազան ներկայացուցիչներու հետ եւ նկատած, որ այստեղ առկայ են կնճռոտ հարցեր, զորս քննարկելու առիթ պիտի ընծայուի վարչապետի Ֆրանսա այցելութեան ընթացքին։ Յակոբեան իր անձնական կարծիքը յայտնելով ընդգծեց, թէ սփիւռքը Հայաստանի Հանրապետութեան հարստութիւնն է եւ այն յենարանը, որուն կը վստահի պետութիւնը։ Այս առումով կ՚առանձնանայ Ֆրանսայի հայ համայնքը, որու յատկանշական ձեռքբերումները, արձանագրած յաջողութիւնները հպարտութիւն կ՚առթեն իւրաքանչիւր հայու։ «Ես կ՚ուզեմ գլուխ խոնարհել ձեր բոլորի առջեւ՝ այդ ձեռքբերումները մեր պետութեան եւ ազգին նուիրելու համար։ Կ՚ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել Ֆրանսայի քաղաքական եւ հասարակական կեանքին մէջ ձեր ունեցած կարեւոր դերակատարութեան համար», նշեց ան։

Անդրադառնալով Հայաստանի իրադարձութիւններուն՝ Աննա Յակոբեան ըսաւ, թէ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը բոլորի յեղափոխութիւնն է եւ կը պատկանի բոլորին ու աւելցուց. «Այդ յաղթանակի տէրը, - անկախ քաղաքական տարբեր հայեացքներէ, - Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնն է, շնորհակալութիւն բոլորիդ»։

Կարգը հասաւ հարցում-պատասխաններու բաժնին։ Հարցումները կը վերաբերէին սփիւռքի քուէարկութեան իրաւունքին, ընտրութիւններուն դէտի կարգավիճակով մասնակցելու կարելիութեան, օգոստոս 17-ի հանրահաւաքին, գործարարութեան մարզին, հայրենիք վերադառնալու պարագային՝ աշխատանք ունենալու հարցին, Ֆրանսայի մէջ «Իմ քայլը» հիմնադրամի մասնաճիւղ հիմնելու կարելիութեան, եւ այլն, եւ այլն։ Աննա Յակոբեան պետական պաշտօն չունենալով բնականաբար, չէր կրնար պատասխանել Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առընչուող հարցումներուն, իսկ մնացեալի պարագային յայտնեց, թէ օգոստոս 17-ը զօրաշարժի հանրահաւաք չէ, այլ այդ օրը վարչապետ Փաշինեան շատ կարեւոր խօսք ունի հաղորդելիք համայն հայութեան։ Նշեց, թէ «Իմ քայլը» հիմնադրամը տակաւին նոր ճամբայ ելած է եւ ապագային անշուշտ թէ կը քննարկուի մասնաճիւղերու հարցը։ Յակոբեան ընդհանրապէս ողջունելի համարեց Հայաստանին բարիք բերող իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն։

Պէտք է ըսել, թէ երեկոյթին այս վերջին բաժինը մասամբ միայն ծառայեց իր նպատակին։ Սրահին մէջ քննարկումները վարողի եւ զանոնք համադրողի պակասը զգալի էր։ Շատեր հանդէս եկան գովասանքի եւ հիացումի արտայայտութիւններով, ոմանք հաստատումներ ըրին, ուրիշներ իրենց կեանքի պատմութիւնը ներկայացուցին կամ ներքին համայնքային հաշիւներ մաքրեցին, ինչ որ անտեղի էր։

Յամենայնդէպս, Աննա Յակոբեանի Փարիզ այցելութիւնը կարեւոր եւ ողջունելի քայլ մըն էր։

Աննա Յակոբեան նոյն օրը Հայաստանի դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցած էր ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, իսկ յաջորդ օրը՝ օգոստոս 10-ին այցելեց Փարիզի Հայ մշակոյթի տուն, ուր ընդունուեցաւ ՀՅԴ-ի եւ անոր քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Ուրբաթ, Օգոստոս 17, 2018