ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԶՕՐԱՎԻԳ

Ուաշինկթըն-Անգարա առանցքին վրայ յառաջացած լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Թուրքիա միջազգային բեմահարթակի վրայ կ՚ապահովէ ծաւալուն զօրավիգ մը։ Երկիրը մէկ կողմէ կը դիմագրաւէ տնտեսական լուրջ դժուարութիւններ, իսկ միւս կողմէ շատ արագ ձեւով շարժման կ՚անցընէ իր բոլոր լծակներն ու հնարաւորութիւնները՝ որպէսզի ժամ առաջ կայուն մթնոլորտ մը ապահովէ։ Այդ ջանքերու ճանապարհին Անգարա կ՚արժանանայ իր միջազգային գործընկերներու զօրակցութեան։

Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները հեռախօսազրոյցի ընթացքին անդրադարձան Թուրքիա-Ֆրանսա յարաբերութիւններուն, միջազգային օրակարգի արդի խնդիրներուն եւ ընդհանրապէս տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն։ Այս կարծիքի փոխանակումներուն առընթեր, Էրտողան եւ Մաքրոն ընդգծեցին կարեւորութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական յարաբերութիւններու փոխադարձ ներդրումներով զարգացման։ Անոնք համամիտ գտնուեցան՝ որպէսզի երկու երկիրներու ելմտական նախարարները ամենակարճ ժամանակի ընթացքին մէկտեղուին։ Էմմանիւէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին շեշտեց, որ Թուրքիոյ տնտեսական կայունութիւնը Ֆրանսայի տեսակէտէ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Նախագահներու զրոյցին ժամանակ օրակարգի վրայ եկան նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամը եւ անոր վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները։ Էրտողան եւ Մաքրոն առաջնահերթօրէն կանգ առին Իտլիպի իրադարձութիւններուն վրայ եւ այս կապակցութեամբ ունեցան կարծիքի փոխանակումներ։ Ինչպէս ծանօթ է, յառաջիկայ սեպտեմբերին Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ Սուրիոյ տագնապին կապակցութեամբ նախատեսուած է գագաթաժողով մը, որուն հրաւիրուած են Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին, Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն։

Բացի Մաքրոնէն նախագահ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցաւ Պաղեստինի ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։ Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած զրոյցի ընթացքին Էրտողան եւ Ապպաս անդրադարձան օրակարգային արդի խնդիրներու։ Այս առթիւ Մահմուտ Ապպաս նշեց, որ Պաղեստինի ժողովուրդը միշտ Թուրքիոյ կողքին դիրք կը գրաւէ։

Միւս կողմէ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ երէկ անդրադարձաւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ վերջին շրջանին ծագած լարուածութեան։ Դեսպաններու 10-րդ խորհրդաժողովի փակման արարողութեան ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու ըսաւ. «Ուաշինկթըն չի կրնար տեսնել, չի գիտեր, թէ ո՛վ է իր իսկական բարեկամը»։

Խորհրդաժողովի ելոյթին ժամանակ նախարարը ընդգծեց, որ Թուրքիա երբեք ԱՄՆ-ի դէմ սխալ քայլ մը չէ առած։ Իսկ ԱՄՆ խրախուսած է այն անձերը, որոնք կը յարձակին Թուրքիոյ վրայ եւ զինած է այն ահաբեկչական կազմակերպութիւնները, որոնք նոյնպէս կը յարձակին Թուրքիոյ վրայ։ «Ահաբեկչական կազմակերպութեան հազարաւոր բեռնատարներով զէնք տրամադրե՞լը խոտոր կը համեմատի բարեկամութեան, թէ ոչ Թուրքիոյ մէջ օրինական գործընթացի մը յառաջ տարուիլը», հարց տուաւ նախարարը։

Բաց աստի, Չավուշօղլու նշեց, որ ամերիկացի երկխօսներուն նկատառման քանիցս յանձնած են, որ ճնշումներն ու պատժամիջոցները պիտի չաշխատին Թուրքիոյ դէմ։ Բարեկամական եւ իրաւական ծիրի մը մէջ լուծում գտնելու մօտեցումները արդէն պիտի կանխեն լարուածութիւնները։

Խորհրդաժողովի ընթացքին Չավուշօղլու շեշտեց, որ Ուաշինկթընի ներկայ քաղաքականութիւնները անկանխատեսելի են եւ անոնք Եւրոպայի կողմէ չեն խրախուսուիր։ Թուրքիա որեւէ երկրի հետ խնդիր ապրիլ չի փափաքիր։ ԱՄՆ-ի հետ ալ խնդիր ունենալով երջանիկ չ՚ըլլար։ ԱՄՆ-ի հետ առկայ խնդիրները կարելի է դիւրութեամբ լուծել, սակայն ոչ անոր ներկայ հասկացութիւնով։

ԱՄՆ-ի հետ առկայ լարուածութեան հարցին առընթեր նախարարը ելոյթին տեւողութեան անդրադարձաւ նաեւ Անգարայի արտաքին քաղաքականութեան այլ առաջնահերթութիւններուն։ Մեւլիւտ Չավուշօղլու ընդգծեց, որ Թուրքիա վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ ահաբեկչական պայքարը։ Բաց աստի, նախարարը մատնանշեց, որ Անգարա կողմնակից է Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները յարատեւ զարգացնելու։

Ուրբաթ, Օգոստոս 17, 2018