ՌՈՊԵՐԹ ՔՈՉԱՐԵԱՆ ՈՐՈՇԱԾ Է ՎԵՐԱԴԱՌՆԱԼ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Մինչ վաղը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան 100-րդ օրուան առթիւ մեծ հանրահաւաք մը նախատեսուած է Երեւանի մէջ, երէկ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ կը վերադառնայ քաղաքականութեան։

1 մարտ 2008 թուականին Երեւանի մէջ պատահած արիւնալի ու զոհեր խլած դէպքերուն հարցաքննութիւնը արդէն նոր հաւասարակշռութիւններ կը ստեղծէ Հայաստանի մէջ։ Այս գործին բերումով մեղադրուած եւ միջոց մը բանտի մէջ մնալէ վերջ Վերաքննիչ ատեանի որոշումով ազատ արձակուած Ռոպերթ Քոչարեան երէկ հարցազը-րոյցով մը հանդէս եկաւ «Երկիր մետիա» հեռուստակայանէն։ Այս առթիւ Ռոպերթ Քոչարեան կոչ ուղղեց՝ որպէսզի գործի հարցաքննութիւնը գաղտնազերծուի։ Հեռուստակայանի տնօրէն Գեղամ Մանուկեանի հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ Ռոպերթ Քոչարեան ըսաւ նաեւ, որ կը վերադառնայ քաղաքականութեան։ Մինչ այդ, Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները կը շարունակեն դիմում ներկայացնել Հայաստանի Վճռաբեկ ատեան՝ անոր դէմ հասցէագրուած մեղադրանքներուն բերումով։

Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեանն ալ երէկ կառավարութեան ժողովէն վերջ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Սասուն Խաչատրեան մատնանշեց, որ Ռոպերթ Քոչարեանի ազատ արձակուիլը կը համարուի ապօրինի։ Բաց աստի, Խաչատրեան տեղեկացուց, որ նախորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս պիտի հարցաքննուի 1 մարտ 2008 թուականին տեղի ունեցած դէպքերու գործին բերումով։ Ինչպէս ծանօթ է, 1 մարտ 2008 թուականին Սերժ Սարգսեան Հայաստանի վարչապետն էր եւ ընտրեալ-նախագահը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանն ալ երէկ կառավարութեան ժողովէն վերջ լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը քաղաքական հիմքով հետապնդումներ չի կատարեր Հայաստանի մէջ։

Ռոպերթ Քոչարեանի երէկուան հարցազրոյցը ստեղծեց լայն արձագանգ։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի նախաքննական գաղտնիքը մարտի 1-ի գործի դատաքննութեան ընթացքին ջնջուի։ «Օրէնքը կ՚ենթադրէ, որ սա նախաքննական գաղտնիք է եւ իրաւունք չունիս բարձրաձայնել շատ դրուագներու մասին։ Մենք կը դիմենք բոլորին պնդել, որ ամբողջ գործընթացը ըլլայ թափանցիկ։ Հանուի նախաքննութեան գաղտնիքը եւ հնարաւորութիւն տրուի պաշտպանուող կողմին խօսելու ամէն ինչի մասին», ըսաւ հարցազրոյցի ժամանակ Ռոպերթ Քոչարեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 17, 2018