«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՆՔԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԳՏԱՅ ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ԱՆԽՌՈՎՈՒԹԵԱՆ ՇՈՂ ՄԸ ԵՒ ՏՈՒՆ ԲԵՐԻ»

Մինչ այժմ դուք, անկասկած, գտած էք «COVID-19»ի հետ կապուած տագնապը յաղթահարելու միջոց: Հնարաւոր է՝ դուք կը հանգստանաք խոր շունչ քաշելով կամ պարզապէս թունդ խմիչք կը լեցնէք ձեզի համար: Ես կը սիրեմ աչքերս փակել եւ պատկերացնել իմ ճանչցած ամենախաղաղ վայրերէն մէկը՝ Հայաստանի լեռներուն մէջ գտնուող Գեղարդի վանքը: Երբեմն ես գրեթէ կը զգամ անոր ներսի օդը՝ զով, մաքուր եւ քաղցր՝ խունկով: Շուրջս մթնշաղի մէջ մոմերը կ՚առկայծեն՝ կոպիտ փորուած պատերուն մէջ՝ ծուխէն եւ ժամանակէն սեւցած: Եթերային ներդաշնակութիւնները պարուրաձեւ կը բարձրանան դէպի սաւառնող գմբէթը, որուն դիտանցքէն կը ներթափանցէ լոյսի ճառագայթը, որ կը ջերմացնէ ճակատս: Ես հաւատացեալ չեմ, սակայն, Հայաստանի վանքերու մէջ գտայ աստուածային անխռովութեան շող մը, որ բերի տուն: Այս մասին The Daily Beast-ի մէջ կը գրէ Պենճամին Քեմփըր։

«Հայաստանի մէջ՝ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Իրանի սահմանակից քրիստոնէական այս երկրին մէջ, դուք միշտ պիտի յայտնուիք եկեղեցիի մը մօտ: Այսօր Հայաստանի քաղաքացիներուն աւելի քան 90 տոկոսը եւ արտերկրի մէջ գտնուող սփիւռքի միլիոնաւոր հայերը, կը պատկանին Հայ Առաքելական Եկեղեցիին: Փաստօրէն, Հայաստանը եղած է առաջին երկիրը, որ քրիստոնէութիւնը 301-ին դարձուցած է իր պաշտօնական կրօնը, մօտաւորապէս 80 տարի առաջ, երբ նոյնը ըրաւ Հռոմէական կայսրութիւնը: Այս առաւելութիւնը մէկն է այն պատճառներէն, որ ամենագրաւիչ քրիստոնէական տեսարժան վայրերը նոյնպէս աշխարհի ամենահիներէն են՝ առէք, օրինակ, Էջմիածինի տաճարը, որ կը համարուի երկրագունդի առաջին տաճարը՝ կառուցուած Ք.Ա. 304 թուականին:

«Բայց պարտադիր չէ գիտնալ այս պատմութիւնը, առաւել եւս՝ հետեւիլ Աւետարանին, որպէսզի ձեզ ապշեցնեն նոյնինքն շէնքերը եւ որպէսզի երիտասարդացնող լռութիւն գտնէք անոնց պատերէն ներս։ Հայկական եկեղեցիները, որոնք պսակուած են կոնաձեւ գմբէթներով, որոնք կը մխրճուին ամպերու մէջ եւ վեր կը յառնին անտառներու եւ մարգագետիններու վրայ, տպաւորիչ են, յատկապէս հեռուէն դիտուած: Մօտեցէք եւ կրնաք նկատել արեւու եւ որթատունկերու կամ (շատոնց անհետացած) պարսկական առիւծներու անասնակերպ պատկերներ, հայկական զրադաշտականութեան պահպանուած կերպարներ: Մտէք ներս եւ պիտի տեսնէք հիպնոսացնող միահիւսուած քարէ խաչեր, լայն բացուած աչքերով խունացած որմնանկարներ, թաքնուած գաղտնի անկիւններ եւ անցումներ, որոնք պիտի գրգռեն ձեր երեւակայութիւնը եւ պիտի ստիպեն ձեզ ուղեւորուելու արկածներ որոնելու, ինչպէս երեխային՝ ուրուականներով տան մէջ:

«Խորհուրդ անոնց համար, որոնք առաջին անգամ կ՚այցելեն Հայաստան՝ սահմանափակուեցէք օրական երկու կամ երեք եկեղեցիներով: Հայաստանի ճանապարհները, ինչպէս յայտնի է, ոլորուն են, շրջագայութիւնները երկար եւ յագեցած են տեղեկատուութեամբ, իսկ վանքերը լի են հրաշքներով, որոնք արժանի են ձեր դանդաղ եւ յստակ ուշադրութեան: Հնարաւոր է, որ Հայաստանի մէջ աւելի շատ եկեղեցիներ ըլլան, քան նուռին մէջ հատիկներ, բայց այս եօթ վանքերը՝ փոքրիկ մատուռներէն մինչեւ եկեղեցական հոյակապ համալիրներ, յատկապէս արժանի են ուխտագնացութեան», կը գրէ հեղինակը:

Անոր կարծիքով՝ վանքերէն եւ տաճարներէն, որոնք անպայման պէտք է այցելել Հայաստանի մէջ՝ Խոր Վիրապն է, Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարը, Տաթեւը, Գառնին, Գեղարդը, Նորավանքը, Սեւանայ վանքը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2020