ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ-ՓՈՄՓԷՕ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներուն տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մայրաքաղաքին՝ Սանթօ Տոմինկոյի մէջ։ Չավուշօղլու ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին հետ քննարկեց Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ արեւելեան Միջերկրականի վերջին իրադարձութիւնները։

Կը հաղորդուի, որ Չավուշօղլու Փոմփէոյին քարտէսի վրայ բացատրեց արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ Թուրքիոյ որդեգրած դիրքորոշումը եւ այս գործընթացէ ներս շինիչ մերձեցումները։ Չավուշօղլու շեշտեց, որ Յունաստան միշտ հակաքարոզչութիւն կը կատարէ Թուրքիոյ դէմ ու կը պնդէ, որ Թուրքիա կը խախտէ միջազգային իրաւունքը։ Մինչդեռ, Անգարայի բոլոր քայլերը կը համապատասխանեն միջազգային իրաւունքի։ 

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2020