1192 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ցուցանիշները կը շարունակեն մտահոգիչ պատկեր մը պարզել։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, Թուրքիոյ մէջ երէկ կատարուեցաւ 65 հազար 956 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1192 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 997։ Ներկայ դրութեամբ 679 վարակեալի պարագան կը համարուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա այս տուեալներու լոյսին տակ ընդգծեց, որ նոր վարակեալներու թիւը օր մը առաջուան բաղդատմամբ աւելի քիչ է։ «Եթէ ուշադիր ըլլանք եւ ինքզինքնիս արտաքին ռիսքերէ պաշտպանենք, աւելի շուտ յաջողութեան կը հասնինք», ըսաւ Ֆահրետտին Քոճա։ Միեւնոյն ժամանակ, ան մատնանշեց, որ նախընթաց օր վերջին 45 օրերու կտրուածքով ամենաբարձր թիւով նոր վարակեալներու թիւը յայտարարուած էր։ Սա սպասելի երեւոյթ մըն էր։ Նախարար Քոճա զգուշացումներ ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք դիմակներ չեն կրեր։

Միւս կողմէ, Ազգային կրթութեան նախարար Զիյա Սելչուքն ալ վերամուտի սեմին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան կոչ ուղղեց, որպէսզի դպրոցներու բացման հարցին շուրջ բոլորը հանդէս գան պատասխանատուութիւնով։ «Ձեզմէ կախում ունի, որ երես առ երես կրթութիւնը սկսի 21 սեպտեմբերին։ Մենք օր ու գիշեր կ՚աշխատինք։ Կը խնդրենք, որ դիմակ կրէք, ֆիզիքական հեռաւորութիւն պահէք, որպէսզի տղաքը կարենան վերագտնել իրենց դպրոցը», ըսաւ Զիյա Սելչուք։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 17, 2020