ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ ԵՐԿՕՐԵԱՅ ՍՈՒԳ
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի ընդարձակ համալիրէն ներս շաբաթավերջին պատահած սարսափելի պայթումէն վերջ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հռչակուած է երկօրեայ սուգ։ Այսօր եւ վաղը այսպէսով բոլորը կը յարգեն զոհերու յիշատակը՝ մինչ Հայաստանի արտասահմանեան բոլոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ բացուած են սգոյ տոմարներ։ Սուգի օրերը կը մնան աշխատանքային։
Ամբողջ հայաշխարհի ուշադրութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացած մնալ այս ողբերգական պատահարին վրայ։ Հայաստանի Արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Փամպուխչեան երէկ տեղեկացուց, որ պայթումէն առաջ առեւտուրի կեդրոնի տարածքին շուրջ 4 թոն պայթուցիկ նիւթ կը գտնուէր։
Դատախազութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ դէպքին բերումով սկսած հարցաքննութիւնը լայն ծաւալով կը շարունակուի եւ բոլոր վարկածները քննութեան առարկայ կը դարձուին։ Նոյն ծիրին մէջ մատնանշուեցաւ, որ առայժմ հարցաքննութեան շրջանակէն ներս որեւէ մեղադրեալ չկայ։
Դէպքէն վերջ խոր մտահոգութեան պատճառ դարձած էին նաեւ այն ահազանգները, ըստ որոնց Զուարթնոց օդակայանին, Երեւանի կեդրոնին եւ այլ մարդաշատ վայրերու մէջ, բանուկ կէտերու վրայ պայթուցիկ նիւթեր զետեղուած են։ Բարեբախտաբար, օրուան տեւողութեան պարզուեցաւ, թէ այդ ահազանգները կեղծ են։ Ըստ կարգ մը աղբիւրներու, պատկան մարմինները պարզեցին նաեւ, թէ ո՛վ այդ կեղծ ահազանգները կու տար։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, պայթումին բերումով՝ մասնաւորապէս Երեւանի կարգ մը շրջաններուն մէջ օդի որակը ազդեցութիւն կրած է։
Միւս կողմէ, Երեւանէն զանազան աղբիւրներ արձագանգ հանդիսացան նաեւ ցաւալի ուրիշ հանգամանքի մը։ Արդարեւ, պայթումի զոհերէն 22-ամեայ Վաչագան Եղոյեան եղած է 44-օրեայ պատերազմի մասնակիցներէն մին։