ԱՌԱՆՑ ՇԱՏ ՈՒՇԱՆԱԼՈՒ
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը երէկ արտահերթ ժողով մը գումարեց՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին ընդառաջ։ Անվտանգութեան խորհուրդի հը-րատապ ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան։ Խորհուրդը շուրջ երկու ժամ քննարկեց՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակման եւ Լեռնային Ղարաբաղի լիակատար շրջափակման հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական տագնապն ու իրավիճակի վատթարացման վերաբերեալ հարցերը։ Այս նիստէն առաջ Արարատ Միրզոյեան օրուան տեւողութեան հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ զանազան երկիրներէ իր պաշտօնակիցներուն հետ. օրինակ՝ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու Պրազիլի արտաքին գործոց նախարար Մաուրօ Վիէյրան։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան մասնաւորապէս ըսաւ. «Այսօր ես այստեղ եմ հայցելու այս հեղինակաւոր կառոյցի աջակցութիւնը մեր տարածաշրջանէն ներս արդար եւ համապարփակ խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու հեռա-նըկարը պահպանելու հարցով, ինչ որ լրջօրէն կը խաթարուի Ատրպէյճանի կողմէ՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական աղէտի հրահրման միջոցաւ»։
Արարատ Միրզոյեան յիշեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ՝ Լաչինի միջանցքի՝ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին եւ արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհի ութը ամիսէ ի վեր արգելափակուած ըլլալուն հետեւանքով։ Նախարարը յիշեցուց, որ վերջին երկու տարիներուն ընթացքին Հայաստան միջազգային հանրութեան աջակցութեամբ ջանք չէ խնայած տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար։ «Եւ կը կարծեմ, թէ այսօր մենք տակաւին հնարաւորութիւն ունինք հասնելու այս նպատակին։ Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ մարդասիրական իրավիճակը մեծապէս կրնայ վատթարացնել խաղաղութեան հեռանկարները Հարաւային Կովկասի ամբողջ տարածաշրջանէն ներս եւ անկէ ալ դուրս», շարունակեց Արարատ Միրզոյեան։
Ելոյթին տեւողութեան ան մանրամասնութիւններ ներկայացուց՝ առաջարկելով, որ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները դատեն ո՛չ թէ արդարացումներու հիման վրայ, որոնք կրնային համարուիլ ճշմարիտ կամ կեղծ, այլ՝ արժէքներու եւ փաստերու հիման վրայ։ Նախարարը շարունակեց.
«Մարդու իրաւանց համընդհանուր հռչակագիրը կը սկսի մարդկութեան բոլոր անդամներու անկոպտելի արժանապատուութեան եւ հաւասար ու անօտարելի իրաւունքներու ճանաչմամբ՝ որպէս աշխարհի վրայ ազատութեան, արդարութեան եւ խաղաղութեան հիմք։ Անկախ իրենց բնակութեան վայրէն, բոլոր մարդիկ օժտուած են իրաւունքներով եւ արժանապատուութեամբ, անոնց նկատմամբ պէտք է վերաբերիլ մեծագոյն յարգանքով եւ հոգատարութեամբ նոյնիսկ պատերազմի ժամանակ։ Դժբախտաբար, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը զրկուած է նման վերաբերմունքէ՝ յայտնուելով լիակատար շրջափակման մէջ»։
Այս կէտէն սկսեալ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց իրադարձութիւնները, փաստերն ու թիւերը, որոնք ցոյց կու տան պաշարեալ Արցախի առկայ իրադրութիւնը։ Ան յիշեցուց, որ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի՝ Հայաստան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմանի յայտարարութեան 6-րդ կէտով՝ Լաչինի միջանցքը (5 քիլօմեթր լայնութեամբ), որ կ՚ապահովէ կապը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ, կը մնայ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խաղաղապահ ուժերու վերահսկողութեան ներքեւ։ Միրզոյեան բոլորին յիշեցուց, որ 12 դեկտեմբեր 2022 թուականին Ատրպէյճան բնապահպանական մտահոգութիւններու կեղծ պատրուակով արգելափակած է Լաչինի միջանցքը։ Այդ պահէն ի վեր ներքին սահմանափակ պաշարներու աստիճանական օգտագործումը Արցախի մէջ յանգեցուցած է սնունդի սուր պակասի եւ խանութներու փակման։ Մինչ շրջափակումը, սպառուող սննդամթերքի շուրջ 90 տոկոսը կ՚ուղարկուէր Հայաստանէն եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը այսօր չի ստանար օրական 400 թոն առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքը։ Ներկայիս յառաջացած է պարէնի խիստ պակաս՝ ներառեալ մանկական սնունդի, ալիւրի, շաքարի, ինչպէս նաեւ դեղօրայքի, վառելանիւթի եւ այլն։ Աւելին, վառելիքի բացակայութեան եւ Ատրպէյճանի կողմէ աշխատողներու թիրախաւորման պատճառով գրեթէ բոլոր գիւղատնտեսական աշխատանքները դադրեցուած են։ Հետեւաբար, շփման գծին յարակից շուրջ 1000 հեքթար հողատարածք կը մնայ անմշակ։ Արարատ Միրզոյեան յիշեցուց, որ 20 դեկտեմբեր 2022 թուականին ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը առաջին անգամ քննարկած էր այս հարցը եւ անդամներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կոչ ուղղած էին Ատրպէյճանին՝ շրջափակումը դադրեցնելու ուղղութեամբ։
Ի լրումն այս բոլորին, Արարատ Միրզոյեան ժողովականներու նկատառման յանձնեց, որ Ատրպէյճան կը խափանէ դէպի Լեռնային Ղարաբաղ բնական կազի մատակարարումը։ Նախարարը մի առ մի թուարկեց այն ծանր հետեւանքները, որոնք կը յառաջանան բնական կազի պակասի հետեւանքով։ Բաց աստի, այս շրջափակման ամիսներուն Ատրպէյճան խափանած է նաեւ Հայաստան-Լեռնային Ղարաբաղ միակ բարձրավոլթ գծով ելեկտրական ուժանիւթի մատակարարումը։ Այդ ժամանակէն ի վեր, ապաւինելով միայն տեղական ելեկտրական ուժանիւթի սահմանափակ պաշարներուն՝ Լեռնային Ղարաբաղ պարտաւորուած է իրականացնել ելեկտրական հոսանքի հովահարային անջատումներ։
Ելոյթին տեւողութեան Արարատ Միրզոյեան յիշեցուց նաեւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռը, որ հրատապ միջոց մը կը համարուի «Ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» միջազգային պայմանագրի շրջանակներէն ներս։ Այս բոլորի հիման վրայ, Արարատ Միրզոյեանի խօսքով, 23 ապրիլ 2023 թուականին, խախտելով Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռը եւ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութիւնը՝ Ատրպէյճան անցակէտ տեղադրած է Լաչինի միջանցքին մէջ։ Միրզոյեան ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին մէջ շեշտեց, որ 15 յունիս 2023 թուականին Ատրպէյճան աւելի հեռու երթալով՝ Լաչինի միջանցքը ամբողջութեամբ փակեց՝ արգիլելով որեւէ, նոյնիսկ մարդասիրական մուտք դէպի Լեռնային Ղարաբաղ՝ ներառեալ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պարագային։ Աւելի վերջ Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատեց իր նախապէս արձակած վճիռը։ Արարատ Միրզոյեան շեշտեց, որ 26 յուլիս 2023 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութեան բեռնատարներու շարասիւնն ալ ցարդ կը մնայ Լաչինի միջանցքի մուտքին մօտ, որովհետեւ Ատրպէյճան կը մերժէ անոնց մուտքը։
Նախարար Միրզոյեան Նիւ Եորքի ժողովին ընթացքին բացատրեց, որ շրջափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տնտեսական աշխուժութիւն չկայ։ Հազարաւոր մարդիկ մնացած են գործազուրկ, որովհետեւ աշխատավարձ վճարելու հնարաւորութիւն չկայ։ Նոյնիսկ անոնք, որոնք գումար ունին, չեն կարողանար բան մը գնել, որովհետեւ խանութները դատարկ են։ Կանայք, երեխաները, տարեցները երկար հերթեր կը սպասեն, որպէսզի կարողանան հաց կամ միրգ ու բանջարեղէն գնել։ Երբեմն անոնք ստիպուած կ՚ըլլան քալելով կտրել տասնեակ քիլօմեթր ճանապարհներ՝ դատարկ խանութներ կամ դեղարաններ հասնելու համար։ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները ստիպողաբար պարէնային կտրօններ տրամադրած են զանազան սննդամթերքներու համար՝ ներառեալ բրինձ, շաքար եւ այլն։ «Սովի լուրջ վտանգ կայ», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան։ Առկայ ողբերգութեան վերաբերեալ յաւելեալ վիճակագրական տուեալներ ներկայացնելէ վերջ Արարատ Միրզոյեան աւելցուց. «Այս բոլոր իրադարձութիւնները վերջին ութը ամիսներու ընթացքին կրկնապատկած են մահացութիւններու թիւը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։ Աւելին, դեղամիջոցներու, ախտահանիչ միջոցներու եւ մաքրութեան այլ պարագաներու բացակայութիւնը համաճարակներու վտանգ կը ստեղծէ։ Ան յիշեցուց, որ Կարմիր խաչի ուղեկցութեամբ տարհանուած հիւանդներն ու անոնց ուղեկիցները առողջական կացութիւնը ապացուցելու եւ տարհանուելու թոյլտուութիւն ստանալու համար կ՚անցնին նուաստացուցիչ ընթացակարգերէ»։ Արարատ Միրզոյեան ժողովականներուն յիշեցուց Կարմիր խաչի կողմէ վիրահատութեան համար Հայաստան տեղափոխուելու ժամանակ առեւանգուած Վագիֆ Խաչատրեանի պարագան։ Ան աւելցուց նաեւ, որ Կարօ Յովհաննիսեան վերջին օրերուն մահացաւ եւ դիահերձման եզրակացութիւնը ապացուցանեց, որ ան մահացած է սովի ու տեւական թերսնման պատճառով։ 3-ամեայ Լէոն եւ 6-ամեայ Կիտան Մարտակերտի մէջ մահացան, որովհետեւ իրենց մայրը ստիպուած էր զիրենք առանձին թողել ու ոտքով երթալ մօտակայ քաղաքը՝ անոնց համար սնունդ գտնելու։
«Նախորդ ամիսներուն ձեզմէ շատեր փորձած են հասցէագրել Լաչինի միջանցքի բացման խնդիրը։ Այնուամենայնիւ, հակառակ բոլոր կոչերուն, 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեամբ ստանձնուած պարտաւորութիւններուն, Արդարադատութեան միջազգային ատեանի իրաւաբանօրէն պարտաւորիչ որոշումներուն, իրավիճակը չէ բարելաւուած։ Ընդհակառակն, Ատրպէյճան աստիճանաբար, բայց հետեւողականօրէն սրած է շրջափակումը, ընդհուպ մինչեւ Լեռնային Ղարաբաղի լիակատար պաշարումը։ Հայաստան մտահոգութիւն յայտնած է Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով մարդասիրական ճգնաժամի խորացման վերաբերեալ Ատրպէյճանի հետ բոլոր բանակցութիւններուն, որոնց համար առանձնապէս միջնորդած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Եւրոմիութիւնը, Ռուսաստանը։ Եւ, այնուամենայնիւ, ապարդիւն։ Այս ամբողջ ընթացքին Ատրպէյճանի կողմէ ցուցաբերուած ներգրաւուածութիւնը կրնայ բնութագրուիլ որեւէ ձեւով, բայց ոչ բարեխիղճ։ Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ այս հարցի վերաբերեալ առաջին քննարկման ժամանակ Ատրպէյճան հրաժարեցաւ ստանձնելէ որեւէ պարտաւորութիւն իր գործողութիւններուն համար եւ նոյնիսկ յայտարարեց, որ չի վերահսկեր Լաչինի միջանցքը։ Վերջին ութը ամիսներու ընթացքին Ատրպէյճան շարք մը պատրուակներ յառաջ քշեց իր գործողութիւնները արդարացնելու նպատակով։ Սկիզբին այսպէս կոչուած բնապահպաններն էին՝ մտահոգուած շրջակայ միջավայրի պահպանմամբ, յետոյ Լաչինի միջանցքով զէնք տեղափոխելու վերաբերեալ անհիմն մեղադրանքները, աւելի ուշ՝ ռազմական սադրանքները եւ այլն։ Լաչինի միջանցքը համաձայնեցուած է որպէս Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ կապող օղակ եւ չունի այլընտրանք։ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի, իսկ ինչ կը վերաբերի այլ հաւանական հաղորդակցութիւններուն, սա պէտք է լուծուի Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջազգային դրութեան շրջանակներուն մէջ։ Այսպէսով, այսօր ես այստեղ եմ, որպէսզի հայցեմ ձեր աջակցութիւնը մարդասիրական բնոյթով խնդիրները լուծելու համար», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան եւ վեց կէտերու ձեւաչափին մէջ թուարկեց հայկական կողմի ակնկալութիւնները։
Ի շարունակութիւն նախարարը շեշտեց, որ առկայ մարդասիրական հարցերը ակնյայտօրէն պէտք է լուծուին միջազգային հանրութեան վճռական միջամտութեամբ՝ նախքան հետեւանքներուն հասնիլը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի էթնիք զտման։ Ըստ Լեռնային Ղարաբաղի ընտրուած ներկայացուցիչներուն, սա կանխամտածուած յանցագործութիւն մըն է՝ պայմանաւորուած ցեղասպանութիւն իրականացնելու ակնյայտ մտադրութեամբ։ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները նպատակաուղղուած հրահրած են Լաչինի միջանցքի շրջափակումը՝ իմանալով, որ սա պատճառ պիտի դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի ամբողջ բնակչութեան աստիճանական ոչնչացման, սակայն նախընտրած են շարունակել գործողութիւններու նման ընթացքը։ Արցախի իշխանութիւններու այս վկայութիւնները մէջբերելէ վերջ, Արարատ Միրզոյեան յիշեցուց նաեւ Միջազգային քրէական ատեանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի վերջերս հրապարակուած զեկոյցը, ուր նշուած է, թէ այսօր Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն մըն է։ Այնտեղ նշուած է, որ սովը ցեղասպանութեան անտեսանելի զէնքն է։ «Առանց անյապաղ կտրուկ փոփոխութիւններու հայերու այս խումբը մի քանի շաբաթէն պիտի ոչնչացուի», նշած էր ան։
Այս բոլորի լոյսին տակ Արարատ Միրզոյեան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մէջ բարձրաձայնեց, որ նման աղէտի մը կանխումը ՄԱԿ-ի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի հիմնական պարտականութիւնն է։ «Ես իսկապէս կը կարծեմ, թէ այս նշանաւոր կառոյցը, հակառակ աշխարհաքաղաքական տարաձայնութիւններուն, կրնայ հանդէս գալ որպէս ցեղասպանութեան կանխարգելման, այլ ոչ թէ ցեղասպանութեան ոգեկոչման կառոյց, երբ արդէն շատ ուշ պիտի ըլլայ։ Եզրակացնելով՝ ես կը փափաքէի վերադառնալ իմ ելոյթի սկիզբին։ ՄԱԿ-ի ամենակարեւոր սկզբունքներէն մէկն է որեւէ մէկը անուշադրութեան չմատնել։ Եւ 4-ամեայ Էտվինա, 6-ամեայ Անաստասիան, 7-ամեայ Մարիան, 5-ամեայ Դաւիթը, 5-ամեայ Տաթեւը, 8-ամեայ Սամուէլը եւ շատ ուրիշներ տակաւին յոյս ունին, որ իրենք անուշադրութեան չեն մատնուիր», եզրակացուց Արարատ Միրզոյեան։
Հարկ է նշել, որ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ ժողովին ընթացքին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներն ալ ունեցան ելոյթներ։ Նիւ Եորքի ժողովին ընթացքին հերթական անգամ Անգարա-Պաքու ներդաշնակութիւնը դրսեւորուեցաւ միջազգային յառաջատար դերակատարներու աչքին առջեւ։ Երկու ներկայացուցիչներն ալ յայտնեցին, որ Հայաստան մարդասիրական խնդիրները կը չարաշահէ քաղաքական նպատակներով։ ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Սետաթ Էօնալ ժողովի ընթացքին շեշտեց, որ Անգարա ամուր ձեւով կը խրախուսէ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան բանակցութիւնները։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան արտահերթ ժողովը գլխաւորեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչը։ Անվտանգութեան խորհուրդի մշտական անդամներէն ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչը իր ելոյթին մէջ կոչ ուղղեց, որպէսզի Պաքուի պաշտօնեաներն ու Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ներկայացուցիչները ուղիղ բանակցութիւններու սկսին։ Մշտական անդամներէն Անգլիոյ ներկայացուցիչը կարեւորեց, որ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումը յարգուի եւ ապահովուի Լաչինի միջանցքով առանց խոչընդոտի տեղաշարժը։ Ֆրանսայի մշտական ներկայացուցիչը դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի արգելափակումը եւ ապաշրջափակման կոչ ուղղեց։ «Լաչինի միջանցքի տեւական արգելափակումը կը շարունակէ մեկուսացնել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը՝ առանց որեւէ իրաւաչափ պատճառի», ըսաւ ֆրանսացի դիւանագէտը։ Չինաստանի մշտական ներկայացուցիչն ալ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց առկայ վէճերը դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու համար։ Ուշագրաւ էր նաեւ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչին ելոյթը։ Ան յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտեցումը հնարաւոր չէ՝ առանց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար յստակ անվտանգութեան երաշխիքներու։ «Անհրաժեշտ է դադրեցնել Լաչինի միջանցքի արգելափակումը, օգտագործել մարդասիրական այլ ճանապարհներ», ըսաւ Նիւ Եորքի մէջ ռուս դիւանագէտը։
Զուիցերիոյ մշտական ներկայացուցիչը նշեց, որ իրավիճակը ծայրայեղ ծանր է, պէտք է հրատապ լուծում գտնել։ Ճաբոնի մշտական ներկայացուցիչը յայտնեց, որ Լաչինի միջանցքով մարդասիրական հասանելիութիւնը միջազգային կազմակերպութիւններու համար պէտք է ըլլայ անխոչընդոտ։ Պրազիլի մշտական ներկայացուցիչն ալ անհրաժեշտ համարեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական տագնապին հրատապ լուծումի մը գտնուիլը։ Կապոնի մշտական ներկայացուցիչը Լեռնային Ղարաբաղին անյապաղ մարդասիրական օժանդակութեան տրամադրուելու պարագան ընդգծեց։ Իր կարգին, ՄԱԿ-ի մօտ Եւրոմիութեան գործերու հաւատարմատարն ալ մատնանշեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզէն ներս վատթարացող մարդասիրական կացութիւնը կը վնասէ խաղաղութեան գործընթացին։
Միւս կողմէ, ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարարը՝ Պույար Օսմանի յանձնարարած է, որպէսզի իր անձնական ներկայացուցիչը այցելէ Լաչինի միջանցք։ Իսկ Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի գծով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար արդէն կ՚այցելէ Պաքու, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ՝ քննարկելով տարածաշրջանային իրավիճակը։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ անշեղ ուշադրութեամբ կը հետեւի Արցախի իրադարձութիւններուն։ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու պետական քարտուղարութիւնը արդէն երկու օր վրայ վրայի անդրադարձած է այս նիւթին։ Պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալը՝ Վետանթ Փաթել ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան հրատապ նիստէն առաջ պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն։ «ԱՄՆ խորապէս մտահոգուած կը մնայ Լաչինի միջանցքի տեւական շրջափակմամբ», նշեց ամերիկացի դիւանագէտը։