ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ԿՈՂՄԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ ՎԱՐԿ

Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ վերականգնուող ուժանիւթի հեռանկարային ոլորտի պարագային։ Երէկ, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցաւ ելմտական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որու ծիրէն ներս Գերմանիա 12 միլիոն եւրօ վարկ պիտի յատկացնէ Հայաստանին՝ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտը զարգացնելու նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Վահան Քերովբեան եւ Երեւանի մօտ Գերմանիոյ դեսպան Վիքթոր Ռիխթեր։

Այս առթիւ, դեսպան Ռիխթեր նշեց, որ 12 միլիոն եւրոյի յատկացումը, իր հերթին, պիտի ամրապնդէ երկու երկիրներու միջեւ զարգացման քաղաքականութեան շուրջ երկկողմանի վերարժեւորուած համագործակցութիւնը, որու մասին ազդարարուած է Գերմանիոյ տնտեսական համագործակցութեան եւ զարգացման նախարար Սվենիա Շուլցենի անցեալ ամառ Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ։ 

Հինգշաբթի, Օգոստոս 17, 2023