ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՐԹԵՒԵԿ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու Պա­քու կա­տա­րած պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թե­նէն վերջ այ­սօր աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւ­նով մը ար­դէն ու­ղե­ւո­րուած է դէ­պի Սո­չի, ուր կը տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ Ան­գա­րա­յի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու եւ Սէր­կէյ Լաւ­րով կը քննար­կեն երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քը, յա­ռա­ջի­կա­յին նա­խա­տե­սուած բարձր մա­կար­դա­կի այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու նա­խա­պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Բաց աս­տի, Սու­րիոյ գլխա­ւո­րու­թեամբ, Սի­նիր­լիօղ­լու եւ Լաւ­րով կար­ծի­քի փո­խա­նա­կում­ներ կ՚ու­նե­նան այն տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րուն շուրջ, ո­րոնք կը զբա­ղեց­նեն ռուս-թրքա­կան հա­մա­տեղ օ­րա­կար­գը։

Մինչ այդ, Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լու Պա­քուի մէջ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի, Վար­չա­պետ Ար­թուր Ռա­սի­զա­տէի եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։  APA գոր­ծա­կա­լու­թեան հա­ղոր­դում­նե­րով, Սի­նիր­լիօղ­լու Պա­քուի մէջ յայ­տա­րա­րեց, թէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ա­մե­նա­մեծ խնդիրն է տա­րած­քաշր­ջա­նի անվ­տան­գու­թեան եւ զար­գաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Ան հա­մո­զուած է, թէ հիմ­նախն­դի­րը պէտք է լու­ծուի Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Ըստ Սի­նիր­լիօղ­լուի, Թուր­քիա մտա­դիր է շա­րու­նա­կե­լու իր ջան­քե­րը այս ուղ­ղու­թեամբ։ Հիմ­նախնդ­րի այս լու­ծու­մը պի­տի ծա­ռա­յէ տա­րած­քաշր­ջա­նէ ներս ի­րա­վի­ճա­կի բնա­կա­նո­նաց­ման։ «Մենք կը փա­փա­քինք, որ սա հասկ­նան նաեւ միւս եր­կիր­նե­րը եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թիւ­նը», յայտ­նեց նա­խա­րա­րը։

Պա­քուի պաշ­տօ­նա­կան շփում­նե­րուն շրջագ­ծով Սի­նիր­լիօղ­լու դի­տել տուաւ նաեւ, թէ թրքա­կան կող­մը կը հե­տե­ւի ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ջան­քե­րուն եւ անհ­րա­ժեշ­տու­թեան պա­րա­գա­յին կը քննա­դա­տէ ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ կամ հա­ւա­նու­թիւն կու տայ ա­նոր նկատ­մամբ։ «Պէտք է հրա­ժա­րիլ քայ­լե­րէ, ո­րոնք կրնան տե­ղի տալ ի­րա­վի­ճա­կի վատ­թա­րաց­ման։ Վեր­ջերս Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած իբր թէ ընտ­րու­թիւն­նե­րը սխալ եւ սադ­րիչ քայլ մըն էին ու մենք կը դա­տա­պար­տենք զայն», ը­սաւ Սի­նիր­լիօղ­լու։

Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Իլ­համ Ա­լիեւ Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լուի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին նշեց, թէ Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հիմ­քին կը գտնուին եղ­բայ­րու­թեան զգա­ցում­նե­րը։ Ան գո­հու­նա­կու­թեամբ ընդգ­ծեց, թէ այդ հի­ման վրայ ստեղ­ծուած են ա­ռանձ­նա­յա­տուկ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը կը զար­գա­նայ բո­լոր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով ու կու տայ դրա­կան ար­դիւնք­ներ։ Ըստ Ա­լիե­ւի, Թուր­քիա միշտ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­քին է՝ բո­լոր հար­ցե­րու պա­րա­գա­յին։ Ան նշեց, թէ Սի­նիր­լիօղ­լուի Պա­քու այ­ցե­լու­թիւ­նը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ըն­ձե­ռէ քննար­կե­լու թէ՛ երկ­կող­մա­նի յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը եւ թէ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին խնդիր­նե­րը։

Իր կար­գին, Սի­նիր­լիօղ­լուն ալ նշեց, թէ հպարտ է Ատր­պէյ­ճան այ­ցե­լե­լով՝ որ­պէս Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար։ Ան Ա­լիե­ւին փո­խան­ցեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի եւ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի ող­ջոյն­նե­րը։ Նա­խա­րա­րը ը­սաւ, թէ ձե­ւա­ւո­րուած է դրա­կան ա­ւան­դու­թիւն մը, ո­րով Թուր­քիոյ բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը ի­րենց ա­ռա­ջին ար­տա­սահ­մա­նեան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նեն դէ­պի Ատր­պէյ­ճան եւ փո­խա­դար­ձա­բար։ Սի­նիր­լիօղ­լու ընդգ­ծեց նաեւ, թէ Ատր­պէյ­ճան բա­ցա­ռիկ զար­գա­ցում մը ապ­րած է իր ան­կա­խու­թեան յա­ջոր­դած քսա­նե­րեք տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին։

ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄԷՏԵԱՐՈՎ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ԱՄՍԱՎԵՐՋԻՆ

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին պի­տի վե­րա­կեն­դա­նա­նայ դի­ւա­նա­գի­տա­կան եր­թե­ւե­կը։

ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կը ծրագ­րեն այս աշ­նան այ­ցե­լել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան տա­րած­քաշր­ջան։ Միջ­նորդ­նե­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը սպա­սեն Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հան­դիպ­ման, ո­ր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Սեպ­տեմ­բե­րի 24-25-ին, Նիւ Եոր­քի մէջ։ Այս թուա­կա­նը ե­րէկ հրա­պա­րա­կուե­ցաւ Մա­մէ­տեա­րո­վի կող­մէ, որ տե­ղե­կա­ցուց, թէ հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը նախ ա­ռան­ձին ա­ռան­ձին հան­դի­պում­ներ պի­տի ու­նե­նան նա­խա­րար­նե­րուն հետ, իսկ ա­ւե­լի վերջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հա­մա­տեղ տե­սակ­ցու­թիւն։ «Վեր­ջին շրջա­նին յա­ճա­խա­կի դար­ձած են հրա­դա­դա­րի դրու­թեան խախտ­ման դէպ­քե­րը։ Կը յու­սամ, որ այս խնդրին վե­րա­բե­րեալ յա­ռա­ջի­կայ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին կը հաս­նինք ար­դիւն­քի մը», ը­սաւ ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը։

Նալ­պան­տեան-Մա­մէ­տեա­րով մօ­տա­լուտ հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին պի­տի քննար­կուին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցի ներ­կայ փու­լին վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ դես­պան Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քի կող­մէ փո­խան­ցուած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, միջ­նորդ­նե­րու յա­ռա­ջի­կայ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­լու­թեան ժա­մա­նա­կա­ցոյ­ցը տա­կա­ւին յայտ­նի չէ։ Ըստ ի­րեն, հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման հա­մար անհ­րա­ժեշտ են ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ մշա­կուած նոր պար­տա­ւո­րու­թիւն­ներ։

Հարկ է նշել, որ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեա­նի եւ Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հան­դի­պու­մը նա­խա­տե­սուած է Նիւ Եոր­քի մէջ, ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր ժո­ղո­վի նոր նստաշր­ջա­նի բաց­ման հանգ­րուա­նին շրջագ­ծով։ Ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը Նալ­պան­տեա­նի հետ նոր տե­սակ­ցու­թեան թուա­կա­նը հրա­պա­րա­կե­լու ժա­մա­նակ մատ­նան­շեց նաեւ, թէ վեր­ջին շրջա­նին այս հար­ցին շուրջ Մոս­կուա ամ­րապն­դած է իր դի­ւա­նա­գի­տու­թիւ­նը։ Ան յի­շե­ցուց, որ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ՍԷր­կէյ Լաւ­րով այ­ցե­լած է Պա­քու, իսկ ինք՝ Մոս­կուա։ «Սա­կայն ար­դիւնք­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար մենք պէտք է աշ­խա­տինք։ Պէտք է քննար­կենք ո­րոշ հար­ցեր։ Ռու­սաս­տան կը շա­րու­նա­կէ սա­տա­րել ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կին։ Պի­տի փոր­ձենք ար­դիւնք­նե­րու հաս­նիլ, սա­կայն դժուար է նա­խօ­րօք ո­րե­ւէ բա­նի մա­սին խօ­սիլ», ը­սաւ Մա­մէ­տեա­րով։ Հարկ է նշել, որ ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ը­րած է իր թուրք պաշ­տօ­նակ­ցին՝ Ֆե­րի­տուն Սի­նիր­լիօղ­լուի հետ վա­րած վեր­ջին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ամ­փո­փե­լու ըն­թաց­քին, իսկ Սի­նիր­լիօղ­լուն այ­սօր Սո­չիի մէջ կը տե­սակ­ցի Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։

Մինչ այդ, Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բեր Մա­րիա Զա­խա­րո­վա յայ­տա­րա­րեց, թէ Մոս­կուա ա­մե­նայն պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ կը մօ­տե­նայ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կէն ներս իր ստանձ­նած պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն։ «Կը յու­սանք, որ Ռու­սաս­տա­նի զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու հետ տա­րա­ձայ­նու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք դժբախ­տա­բար կը ծա­գին ոչ մեր պատ­ճա­ռով, չ՚անդ­րա­դառ­նար Մինս­քեան խմբա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն վրայ։ Մեր կող­մէ չի կրնար ըլ­լալ ո­րե­ւէ խո­չըն­դոտ, կամ խնդիր։ Մենք այս ձե­ւա­չա­փին մաս­նա­կից ենք եւ մեծ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեամբ կը մօ­տե­նանք մեր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րով­հե­տեւ կը հասկ­նանք, թէ որ­քան լուրջ է այն խնդի­րը, որ կը գտնուի այդ խում­բի օ­րա­կար­գին վրայ», ը­սաւ Զա­խա­րո­վա։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րը վեր­ջին օ­րե­րուն տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Ատր­պէյ­ճան Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­նա­կից Տա­ւու­շի մար­զի հան­դի­պա­կաց հա­տուա­ծէն ներս կարգ մը գիւ­ղե­րու սահ­մա­նին վրայ կը կա­ռու­ցէ ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թեամբ ճա­նա­պարհ մը։ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րուն կող­մէ օգ­տա­գոր­ծուող այդ ճա­նա­պար­հը եւ հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք­նե­րը չեն սպրդած հայ­կա­կան կող­մին ու­շադ­րու­թե­նէն։ Այդ հո­ղա­ծածկ ճա­նա­պար­հը կը փո­րուի Ատր­պէյ­ճա­նի դիր­քե­րէն ա­ռաջ։ Ըստ մաս­նա­գէտ­նե­րու, մտա­հո­գու­թիւն յա­ռա­ջա­ցած է, որ այդ ճա­նա­պար­հին մի­ջո­ցաւ Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նեալ ու­ժե­րը կրնան ծանր սար­քա­ւո­րում­ներ փո­խադ­րել եւ հե­տա­գա­յին ռմբա­կո­ծել Ի­ջե­ւան-Նո­յեմ­բե­րեան մայ­րու­ղին, որ մաս կը կազ­մէ Հա­յաս­տան-Վրաս­տան միջ­պե­տա­կան ճա­նա­պար­հին։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015