Երեւան՝ Լաւագոյն Հնգեակին Մէջ

Ըստ Travel.ru զբօ­սաշր­ջա­յին ծա­ռա­յու­թեան հե­տա­զօ­տու­թեան, թէ 2015 թո­ւա­կա­նին ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րուն մէջ ո՞ր ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­պա­տուու­թիւն տո­ւած են ռուս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը: Վար­կա­նի­շը կազ­մո­ւած է ԱՊՀ-ա­կան հիւ­րա­նոց­նե­րուն մէջ այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին ռուս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու ը­րած նախ­նա­կան պա­տո­ւէր­նե­րու տուեալ­նե­րով: Խօս­քը այն զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու մա­սին է, ո­րոնք ճամ­բոր­դած են որ­պէս ան­հատ­ներ։

Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն հա­մար ա­մե­նա­մեծ ժո­ղովր­դա­կա­նու­թիւն վա­յե­լող ԱՊՀ-ա­կան քա­ղաք­նե­րու լա­ւա­գոյն տաս­նեա­կին մէջ են՝ Մինս­քը, Քիե­ւը, Ալ­մա Ա­թան, Պա­քուն, Ե­րե­ւա­նը, Աս­տա­նան, Վի­տեպս­կը, Պիշ­քէ­քը, Թաշ­քեն­տը ու Քիշ­նե­ւը:

Ռուս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րու կող­մէ՝ ԱՊՀ-ի ա­մե­նա­սի­րո­ւած եր­կիր­նե­րու հնգեա­կը կը գլխա­ւո­րէ Սպի­տակ Ռու­սիան, ո­րուն բա­ժին կը հաս­նի բո­լոր ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րու 37 տո­կո­սը, Ուք­րայ­նա­յին՝ 22 տո­կո­սը, Ղա­զա­խիս­տա­նին՝ 16 տո­կո­սը, Ատր­պէյ­ճա­նին՝ 9 տո­կո­սը, Հա­յաս­տա­նին՝ 7 տո­կո­սը: ԱՊՀ-ի մնա­ցեալ եր­կիր­նե­րուն բա­ժին կը հաս­նի 10 տո­կո­սէն ալ քիչ:

Travel.ru-ի տո­ւեալ­նե­րով՝ Ռու­սաս­տա­նի քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն Հա­յաս­տան կա­տա­րած ու­ղե­ւո­րու­թիւն­նե­րու առ­ցանց ամ­րագ­րում­նե­րուն թի­ւը բաղ­դատ­մամբ ան­ցեալ տա­րո­ւան մէկ եր­րոր­դով ա­ճած է: Ռուս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը այս տա­րի Հա­յաս­տա­նի մէջ ան­ցու­ցած են  շուրջ ե­րե­քու­կէս օր եւ հիւ­րա­նո­ցի մէջ ծախ­սած են օ­րա­կան 65 տո­լար:

Հա­մե­մա­տու­թեան հա­մար կը նշո­ւի, որ Պա­քո­ւի մէջ զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րը հիւ­րա­նո­ցի մէջ կը ծախ­սեն օ­րա­կան շուրջ 78 տո­լար, Քիե­ւի եւ Ալ­մա Ա­թա­յի մէջ՝ 87 տո­լար: ԱՊՀ­-ի մէջ ա­մե­նաա­ժան մայ­րա­քա­ղա­քը Պիշ­քէքն է (օ­րա­կան 30 տո­լար), իսկ ա­մե­նա­սու­ղը՝ Աս­տա­նան  (օ­րա­կան 115 տո­լար):

Ա­մա­ռնա­յին շրջա­նի ար­դիւնք­նե­րով՝ ռուս զբօ­սաշր­ջիկ­նե­րուն հա­մար Սե­ւա­նը հին­գե­րորդ տե­ղը կը զբա­ղեց­նէ ԱՊՀ-ա­կան եր­կիր­նե­րու ա­մե­նա­սի­րո­ւած հանգս­տա­վայ­րե­րու շար­քին:

ԱՊՀ-ի ա­մե­նա­սի­րո­ւած հանգս­տա­վայ­րե­րու լա­ւա­գոյն հնգեա­կին մէջ  են Խրղը­զիս­տա­նի Ի­սըկ Կուլյ լի­ճը, Սպի­տակ Ռու­սիոյ Նա­րոչ լի­ճը, Ղա­զա­խիս­տա­նի Պո­րո­վոէն, Ատր­պէյ­ճա­նի Նաբ­րա­նն ու Հա­յաս­տա­նի Սե­ւա­նը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015