ԷՐՏՈՂԱՆ ԶՐՈՒՑԵՑ ՄԵՐՔԷԼԻ ՀԵՏ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելա Մերքէլի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան եւ Մերքէլ զրուցեցին սուրիացի գաղթականներու կացութեան շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահը յիշեցուց, որ Թուրքիա ներկայիս Սուրիայէն եւ Իրաքէն աւելի քան 2 միլիոն գաղթական կը հիւրընկալէ՝ առանց կրօնի եւ ազգութեան խտրականութեան։
Մերքէլ բարձր գնահատեց Թուրքիոյ կողմէ կատարուածները եւ աւելցուց, թէ վերջին իրադարձութիւններու լոյսին տակ մինչեւ տարեվերջ Գերմանիա հասնելիք գաղթականներուն թիւը կրնայ հասնիլ 800 հազարի։ Մերքէլ համոզուած է, թէ Եւրոմիութեան անդամ երկիրները պէտք է աւելի պատասխանատը-ւութիւն ստանձնեն, իսկ գաղթը պէտք է կազմակերպուի կանոնաւոր ու հակակշռեալ ձեւով։ Այս ուղղութեամբ Անկելա Մերքէլ կը կարեւորէ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան մէջ գտնուիլը։ Գերմանիոյ վարչապետը միեւնոյն ժամանակ երախտագիտութիւն յայտնեց՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ ձեռնարկուած պայքարին Թուրքիոյ կողմէ բերուած կարեւոր նպաստին համար։
Էրտողան նշեց, որ ԻՇԻՊ-ի եւ ՓՔՔ-ի նման ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարի շրջագծով շատ կարեւոր է դաշնակիցներու զօրակցութիւնը։ Միեւնոյն ժամանակ ան անհանգստացուցիչ նկատեց ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութեան՝ Եւրոպական Միութեան անդամ կարգ մը երկիրներէ ներս գոյութեան տեւականացումը։ Ի պատասխան՝ Անկելա Մերքէլ ընդգծեց, թէ ՓՔՔ-ն Գերմանիոյ մէջ կ՚ընկալուի որպէս ահաբեկչական կազմակերպութիւն եւ այս ուղղութեամբ իրենք պատրաստ են ամէն տեսակ համագործակցութեան։
Էրտողան եւ Մերքէլ համակարծիք գտնուեցան, թէ Սուրիոյ մէջ առկայ քաոսի յաղթահարման համար անհրաժեշտ է քաղաքական լուծման մը գտնուիլը։
Երկու ղեկավարները հեռախօսազրոյցի ընթացքին պայմանաւորուեցան՝ այս բոլոր նիւթերուն շուրջ գտնուիլ մշտական շփման մէջ եւ հնարաւոր ամենակարճ ժամանակի ընթացքին ի մի գալ։
Էրտողան եւ Մերքէլ անդրադարձ կատարեցին նաեւ Երուսաղէմի վերջին իրադարձութիւններուն, երբ Իսրայէլի զօրքերը կը միջամտեն մահմետականաց սրբավայրերուն։