ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ՖԻԼՀԱՐՄՈՆԻՔ ՆՈՒԱԳԱԽՈՒՄԲԻՆ ԵԼՈՅԹԸ՝ «ԱՐԱՄ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ» ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՀԱՄԵՐԳԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ֆիլ­հար­մո­նիք նուա­գա­խում­բը նա­խըն­թաց օր Ե­րե­ւա­նի մէջ հան­դէս ե­կաւ շքեղ հա­մեր­գով մը։ Գե­ղա­րուես­տա­կան ղե­կա­վար Ե­դուարդ Թոփ­ճեա­նի մա­կա­նին ներ­քեւ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ե­լոյ­թը, օ­տար հե­ղի­նա­կա­ւոր արուես­տա­գէտ­նե­րու ալ մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Ձեռ­նար­կի յատ­կան­շա­կան ե­րե­սակ­նե­րէն մին ալ այն էր, որ Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի հա­մա­լի­րէն ներս, «Ա­րամ Խա­չա­տու­րեան» հա­մեր­գաս­րա­հի եր­դի­քին տակ կա­տարուած բա­րե­նո­րո­գու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րուն յա­ջոր­դած ա­ռա­ջին ձեռ­նար­կը հան­դի­սա­ցաւ այս մէ­կը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015