ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔ ԿԸ ՏԱՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԱԾ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ ԽՆԴԻՐՆԵՐՈՒ ՅԱՂԹԱՀԱՐՄԱՆ ՀԱՄԱՐ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Քրիստոֆ Ֆրետերիք Օթթօ Պիէրվիրտի հետ։ Տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրտուս Զաքարեան եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան տնօրէն Լենա Հալաճեան։
Ողջունելով հիւրը՝ Հրանոյշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ ներքին պատերազմին հետեւանքով խոյս տալով Հայաստան հաստատուած սուրիահայոց հիմնախնդիրներուն լուծման ուղղութեամբ շարունակական համագործակցութեան համար։ Ան ներկայացուց սուրիահայոց առկայ խնդիրներու լուծման ուղղութեամբ պետութեան եւ զանազան համահայկական ու միջազգային կառոյցներուն կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքները։ Նախարարը մասնաւորապէս ընդգըծեց, թէ այս տարուան Մայիսէն ի վեր շուրջ 2500 սուրիահայեր փոխադրուած են Հայաստան։ Սփիւռքի նախարարութիւն կը դիմեն թէ՛ նոր եկածները եւ թէ նախապէս Հայաստան հաստատուածները։ Անոնք ըստ էութեան կարիքաւորներ են՝ կորսնցուցած ըլլալով իրենց բնակարաններն ու ստացուածքը։ Սուրիահայոց տեսակէտէ առաջնահերթ կը նկատուին ժամանակաւոր կացարան մը ունենալը, բնակարանի վարձքերու փոխհատուցումը, աշխատանքի տեղաւորումը, ինչպէս նաեւ կրթութեան եւ առողջապահութեան խըն-դիրները։ Յիշեալ հասարակական կազմակերպութեան ջանքերով սուրիահայ բժիշկները սիրայօժար ամէն շաբաթ կ՚իրականացնեն հիւանդներու քննութիւնները։ Սփիւռքի նա-խարար Հրանոյշ Յակոբեան առաջարկեց հնարաւորութիւններ ստեղծել եւ նուիրեալ բժիշկները խրախուսել, անոնց համար ապահովել անհրաժեշտ տարածք մը, սարքաւորումներ եւ դեղօրայք։
Իր կարգին, Քրիստոֆ Ֆրետերիք Օթթօ Պիէրվիրտ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար ու նշեց, թէ մինչեւ տարեվերջ ՄԱԿ-ի Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակը պիտի շարունակէ սուրիահայոց օժանդակութիւնները եւ պիտի իրականացնէ նաեւ ձմեռնամուտի ծրագիր։
Զրուցակիցները կարեւորեցին ու բարձր գնահատեցին հայոց Սփիւռքի եւ միջազգային կառոյցներու հետ համագործակցութեան շարունակականութիւնը, նոր ծրագրերու իրականացումը։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ապագայ համագործակցութեան վերաբերեալ զանազան հարցերու։