ՎԱԼԵՐԻ ՓԵՐՄԵԱՔՈՎ ԱՅՍՕՐ ՔՆՆՈՒԹԵԱՆ Կ՚ԵՆԹԱՐԿՈՒԻ ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ

Կիւմ­րիի մէջ, ան­ցեալ Յու­նուա­րի 12-ին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու ըն­տա­նի­քի եօթ ան­դա­մը սպան­նած ռուս զի­նուո­րա­կան Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վի դա­տա­հո­գե­բա­նա­կան եւ դա­տա­հո­գե­բու­ժա­կան հա­մա­լիր փոր­ձա­գի­տու­թիւ­նը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ այ­սօր։ Կիւմ­րիի մէջ տե­ղա­կա­յուած Ռու­սաս­տա­նի զի­նուո­րա­կան ռազ­մա­խա­րիս­խէն ներս տե­ղի կ՚ու­նե­նայ փոր­ձաքն­նու­թիւ­նը, ո­րուն ներ­կայ կը գտնուին Ա­ւե­տի­սեան­նե­րու փաս­տա­բան­նե­րը։  Ծա­նօթ է, որ ռու­սա­կան կող­մը մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին դա­սալ­քու­թեան մե­ղադ­րան­քով դա­տեց Վա­լե­րի Փեր­մեա­քո­վը, որ դա­տա­պար­տուե­ցաւ տասն տա­րուան ա­զա­տազրկ­ման։ Ան հի­մա ալ պի­տի դա­տուի Հա­յաս­տա­նի ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րուն կող­մէ՝ զգա­յա­ցունց այդ դէպ­քի մար­դաս­պա­նու­թեան ե­րե­սա­կով։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2015