ԱԽԱԼՑԽԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ

Ա­խալց­խաի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը հայ­կա­կան Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ կտու­րի վե­րա­նորգ­ման հա­մար 10 հա­զար լա­րի յատ­կա­ցու­ցած է: Ընդ­դի­մու­թիւ­նը դէմ է տուեալ գա­ղա­փա­րին՝ պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով, որ իշ­խա­նու­թիւ­նը նա­խընտ­րա­կան քայլ կ՚ը­նէ, ա­ւելց­նե­լով ի­րենց ընտ­րող­նե­րու թի­ւը:

Ա­խալց­խա­յի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի սակ­րե­բու­լոն ի­րա­կա­նա­ցուց ար­տա­հերթ նիստ: Քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը քուէար­կե­ցին պիւտ­ճէի մէջ փո­փո­խու­թիւն մտցնե­լու հար­ցը: Քուէար­կու­թե­նէն ետք հայ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րու ա­ռա­ջար­կով ո­րո­շուե­ցաւ հայ­կա­կան Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ կտու­րի վե­րա­նո­րոգ­ման հա­մար պիւտ­ճէէն յատ­կաց­նել 10 հա­զար լա­րի: Ո­րոշ­ման դէմ ե­ղան «Միա­ցեալ ազ­գա­յին շար­ժում» եւ Նի­նօ Պուր­ճա­նա­ծէի «Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան շար­ժում» կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու պատ­գա­մա­ւոր­նե­րը:

«Ին­չո՛ւ եր­կու ա­միս ա­ռաջ ծրագ­րե­ցին ե­կե­ղե­ցիի կտու­րի վե­րա­նո­րո­գու­մը, կա­րե­լի էր չորս ա­միս ա­ռաջ կամ ալ ան­ցեալ տա­րի վե­րա­նո­րո­գել: Ընտ­րու­թիւն­նե­րէն յե­տոյ վե­րա­նո­րո­գե­ցէք յե­տոյ ալ 10 հա­զար լա­րիի փո­խա­րէն 40 հա­զար լա­րի ծախ­սե­ցէք, ով դէմ է, ընդ­հա­կա­ռա­կը», կ՚ը­սէ «Միա­ցեալ ազ­գա­յին շար­ժում»ի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մալ­խազ Կի­կո­շուի­լի:

Ա­խալց­խա­յի հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թիւ­նը ոչ պա­կաս հե­տաքրք­րուած է «վի­ճե­լի» հա­մա­րուող Ս. Նշան հայ­կա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ կտու­րը ներ­կե­լու հար­ցով, որ ամ­բող­ջու­թեամբ ժան­գո­տած է ու ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին կը քայ­քա­յուի անձ­րեւ­նե­րու տակ: Տուեալ հար­ցը եւս բարձ­րա­ձայ­նուած է, բայց մին­չեւ հի­մա ա­պար­դիւն:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2016