ԲԱԶՄԱԿՈՂՄԱՆԻ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ Ե­րե­ւա­նի մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ Սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րը հա­մա­կար­գող միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վին նիս­տը։ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նահերթ ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մէն խոյս տա­լով երկ­րին մէջ ա­պաս­տան գտած գաղթա­կան­նե­րու խնդիր­նե­րուն նկատ­մամբ։ Վե­րո­յի­շեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վի հեր­թա­կան նիս­տին ըն­թաց­քին մաս­նա­ւո­րա­պէս քննար­կուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի դպրոց­նե­րէն ներս սու­րիա­հայ ե­րա­խա­նե­րու հա­մարկ­ման գոր­ծըն­թա­ցը։ Այս մա­սին զե­կու­ցու­մով մը հան­դէս ե­կաւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի հան­րակր­թու­թեան վար­չու­թեան աշ­խա­տա­կից Սու­սան­նա Գաս­պա­րեան։

Ան­ցեալ տա­րի կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ այս տա­րուան հա­մար մշա­կուած ծրագ­րե­րուն շուրջ զե­կու­ցե­ցին «Օքս­ֆամ Հա­յաս­տան» ըն­կե­րու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Մար­կա­րի­թա Յա­կոբ­ճա­նեան, «Ե­րա­խա­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան» ըն­կե­րու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Սի­րա­նոյշ Վար­դա­նեան եւ Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին խոր­հուր­դի «Հա­յաս­տա­նեան կլոր սե­ղան» բա­րե­գոր­ծա­կան հիմ­նադ­րա­մի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րէն Ալ­լա Սար­գի­սո­վա։ Ա­ռա­ջար­կուե­ցաւ ստեղ­ծել ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յո­ղի կա­ռոյց մը, որ սու­րիա­հա­յոց հետ աշ­խա­տող բա­նի­մաց եւ պատ­րաս­տա­կամ անձ­նա­կազմ պի­տի պատ­րաս­տէ։

Նախարար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան կա­րե­ւո­րեց վե­րո­յի­շեալ ե­րեք կա­ռոյց­նե­րու հա­մա­կար­գուած ու բա­րե­խիղճ աշ­խա­տան­քը՝ սու­րիա­հա­յոց հիմ­նախն­դիր­նե­րու լուծ­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Անդ­րա­դառ­նա­լով բուն Սու­րիոյ առ­կայ վի­ճա­կին՝ նա­խա­րա­րը նշեց, որ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ հա­սա­րա­կա­կան կա­ռոյց­նե­րու մի­ջո­ցաւ ա­ռայժմ կա­րե­լի կ՚ըլ­լայ լու­ծել կրթա­կան հար­ցե­րը։

«Հա­լէ­պի մէջ կը գոր­ծէ վեց վար­ժա­րան, շուրջ եր­կու հա­րիւր դպրո­ցա­հա­սակ ե­րա­խա­ներ կան։ Հա­յե­րը կը փո­խադ­րուին դէ­պի Լա­թա­քիա եւ Քե­սապ։ Մեր օգ­նու­թիւ­նը պէտք է այն­պէս մը կազ­մա­կեր­պենք, որ ե­թէ մեր հայ­րե­նա­կից­նե­րը ո­րո­շեն Հա­յաս­տան տե­ղա­փո­խուիլ՝ ա­պա կա­րե­նանք լու­ծել ա­նոնց կե­ցու­թեան, աշ­խա­տան­քի, ուս­ման եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցե­րը։ Խնդրանքս է, որ սրտցա­ւօ­րէն վե­րա­բե­րուիք ու սպա­ռիչ, ուղ­ղոր­դող պա­տաս­խան­ներ տաք սու­րիա­հա­յոց դի­մում­նե­րուն, նա­մակ­նե­րուն եւ խնդրանք­նե­րուն։ Մեր բո­լո­րի խնդիրն է՝ ա­մէն ինչ ը­նել, որ­պէս­զի ա­նոնք հայ­րե­նի­քի մէջ հաս­տա­տուին, ա­րա­գօ­րէն հա­մար­կին։ Վստահ եմ նաեւ, որ ե­թէ իւ­րա­քան­չիւր խո­շոր կա­ռոյց կա­րե­նայ մէկ ըն­կե­րա­յին տուն կա­ռու­ցել սու­րիա­հա­յոց հա­մար, շատ մեծ օգ­նու­թիւն կ՚ըլ­լայ։ Պէտք է շա­րու­նա­կենք միա­սին աշ­խա­տիլ։ Շնոր­հա­կալ եմ կա­տա­րուած աշ­խա­տան­քին հա­մար», ը­սաւ Հրա­նոյշ Յա­կո­բեան ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2016