ԵՐԵՒԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐԸ ԿԸ ՀԵՐՔԵՆ. ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԵՒ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՈՐԵՒԷ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ ՏԵՂԻ ՉԷ ՈՒՆԵՑԱԾ

Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած 16-ամեայ հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէնի երկիր վերադարձի խնդիրը կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել հանրային կարծիքը։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը անցեալ շաբաթավերջին հաղորդած էր, որ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այս հարցին շուրջ հեռաձայնով կապ հաստատած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ եւ այս վերջինը ընդունած է ընդառաջել իր փափաքին՝ որպէսզի Ումութ Ալի Էօզմէն վերադառնայ Թուրքիա։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այսօր ալ կը գրէ, որ 16-ամեայ սահմանախախտ հովիւի գիւղին մէջ խանդավառ սպասում մը կայ եւ անոր ընտանիքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ թէ՛ նախագահ Էրտողանին եւ թէ «Հիւրրիյէթ»ին։ Լրատուութեան մէջ մատնանշուած է, որ Էօզմէնի ընտանիքը արդէն ժամերը կը հաշուեն իրենց որդւոյն երկիր վերադարձին համար։

«Հիւրրիյէթ»ի շաբաթավերջի հաղորդումէն անմիջապէս վերջ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հանդէս եկան հերքումներով։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց այն տեղեկատուութիւնը, ըստ որու Էրտողան հեռաձայնած է Փաշինեանին՝ Ումութ Ալի Էօզմէնի վերադարձի հարցով։ «Այդ տեղեկատուութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Նման հեռախօսազանգ չէ եղած», ըսաւ նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան։

Մինչ այդ, երէկ Նիկոլ Փաշինեան այս նիւթին անդրադարձաւ անձամբ։ Զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ Նիկոլ Փաշինեան եւս հերքեց վերոյիշեալ լուրերը։ Անդրադառնալով Էրտողանի կողմէ իր հետ հեռաձայնով կապ հաստատուած ըլլալու վերաբերեալ լուրերուն՝ Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ. «Այդպիսի բան չկայ։ Միակ կապը թրքական կողմի հետ, որու մասին ես յայտարարած էի, Պրիւքսելի մէջ էր, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը բարեւեց ինծի ու գնաց»։

ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ

Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան շաբաթավերջին այցելեց Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Էրտողան եւ Ալիեւ միասնաբար մասնակցեցան Կովկասի իսլամական բանակի կազմութեան եւ Պաքուի ազատագրման 100-ամեակի յոբելենական տօնակատարութիւններուն։ Ներկայ էին նաեւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարները՝ Հուլուսի Աքար եւ Զաքիր Հասանով։ Նախագահը Պաքուի մէջ յայտարարեց, որ կողմերը կ՚անդրադառնան իրենց «ոսկրային եղբայրութեան»։

Յիշեցնելով երկու երկիրներու կողմէ կեանքի կոչուած հաղորդակցութեան մեծ ծրագիրները՝ Էրտողան շեշտեց, որ նոր ծրագիրներ պէտք է իրականացուին՝ որպէսզի կողմերու բարեկամութիւնը դառնայ յաւերժ՝ «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսին համաձայն։ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Ատրպէյճանի նեղութիւնը նաեւ Թուրքիոյ նեղութիւնն է։ Էրտողան շարունակեց.

«Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորումը Հայաստանի հետ մեր յարաբերութիւններու կարգաւորման համար անհրաժեշտ նախապայման մըն է։ Անոնք, որոնք 25 տարի առաջ Խոճալուի մէջ ապրուածներուն, Լեռնային Ղարաբաղի սպանդներուն հաշիւը չեն կրնար տալ, ոճրագործները հերոս կը հռչակեն, մեզի տալիք որեւէ պատմութեան դաս չունին։ Մեզմէ ի զուր սահմանի բացում կ՚ակնկալեն անոնք, որոնք մեր եղբայրներու տարածքի 20 տոկոսը բռնագրաւման տակ կը պահեն ու կը խոչընդոտեն աւելի քան մէկ միլիոն մեր եղբայրներու վերադարձը՝ իրենց հայրենիքը»։  

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018