ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԻՐԱՒԱՅԱՋՈՐԴ

Հայկական շարժանկարի ժառանգութեան իրաւունքները փոխանցուած են «Հայֆիլմ» շարժանկարի արուեստանոցի իրաւայաջորդ հանդիսացող Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնին:

Ըստ «Արմէնփրես»ի, լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին տեղեկացուցած է Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնի տնօրէն Շուշանիկ Միրզախանեան: Ան ընդգծած է, որ վերջերս պարզուած է, որ որոշ պայմանագիրներ կան՝ կնքուած ընկերութիւններու հետ, ժապաւէններու ցուցադրութեան իրաւունքին համար, եւ պէտք է տակաւին այս ու այլ իրաւական հարցեր լուծեն: Միրզախանեան նշած է, որ կազմակերպութիւն մը կայ, որուն հետ 50 տարուան պայմանագիր կնքուած է, «Եութիուպ»ի վրայ ալ կան շատ ժապաւէններ, որոնք անորակ են՝ եւ այստեղ արդէն հեղինակային իրաւունքներու խնդիր կը յառաջանայ:

«Ահռելի աշխատանք ունինք ընելու՝ եղած ժապաւէնները վերականգնելու եւ հանրայնացնելու առումով: Մենք բրիտանացի արտադրող Տենիըլ Պըրտի ու Հայկական ազգային շարժանկարի կեդրոնի նախաձեռնութեամբ մշակած ենք ծրագիր մը, որուն համաձայն, մինչեւ 2024 թուականը հայկական շարժանկարի ամբողջ ժառանգութեան պահպանութեան, վերականգնման, հանրայնացման հարցերը պիտի լուծուին», ըսած է շարժանկարի կեդրոնին տնօրէնը:

Ըստ անոր, կը նախատեսուի Սերկէյ Փարաճանովի «Յակոբ Յովնաթանեան» ժապաւէնի թուայնացման աշխատանքներուն սկսիլ:

«Լեհական «Ֆիլմաֆիքս» ընկերութիւնը պիտի հոգայ թուայնացման եւ վերականգման բոլոր ծախսերը: Փարաճանովի ժապաւէնէն ետք մենք պիտի սկսինք թուայնացնել Համօ Բեկնազարեանի 10 ժապաւէն, ապա 10 ժապաւէն եւս՝ հայկական դասականներէն», նշած է Միրզախանեան եւ աւելցուցած է, որ ժապաւէններու ընտրութիւնը պիտի կատարէ յատուկ խորհուրդը:

Ազգային շարժանկարի տնօրէնը նաեւ տեղեկացուցած, որ յառաջիկային կը նախատեսուի վաւերագրական ժապաւէն մը նկարել Փարանճանովի «Նռան գոյնը» ժապաւէնին մէջ չընդգրկուած մասերով:

«Կայ 103 տուփ ժապաւէն, որ չէ օգտագործուած ժապաւէնին մէջ, իւրաքանչիւր ժապաւէնի տեւողութիւնը 10 վայրկեան է: Կան ժապաւէններ, որոնք ամբողջութեամբ չեն օգտագործուած, սակայն բաւական մեծ ծաւալով բաժիններ ունինք մեր ձեռքին տակ: Կը նախատեսենք նաեւ հարցազրոյց ընել «Նռան գոյնը» ժապաւէնի ողջ դերասաններուն հետ», ըսած է Միրզախանեանը:

Ան աւելցուցած է, որ նկարահանման մանրամասնութիւնները որոշելու համար Տենիըլ Պըրտ Հայաստան պիտի գայ: «Նռան գոյնը»ի երաժշտութիւնը պիտի գրէ Տիգրան Մանսուրեանը, իսկ ժապաւէնին չօգտագործուած բաժինները կը պահուին Հայաստանի Ազգային արխիւին մէջ: 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018