ՀԱՅ ԳԻՐ­ՔԻ ՃԱ­ԿԱ­ՏԱ­ԳԻ­ՐԸ

Գիրով ու գիրքով մտած է մեր ժողովուրդը քաղաքակրթական աշխարհ. այդ պատճառաւ ալ նուիրական եղած է հայ գիրքը հայ ժողովուրդին համար. մինչեւ անգամ բուժիչ յատկութիւն մը տուած է մեր ժողովուրդը Նարեկի պէս գիրքի մը եւ զայն զետեղած է հիւանդի բարձին տակ։ Թէ ինչքան բուժում բերած է ան հիւանդի ցաւերուն՝ կը մնայ հարցական, բայց կասկածէ վեր է, որ անոր հոգեբանական արդիւնքը եղած է կազդուրիչ։

Միջնադարուն հայրապետներ, իշխաններ եւ արքաներ ձեռագիր մատեաններ են պատուիրած գրչագիրներու եւ ծաղկողներու եւ իբրեւ թանկագին նուէր ընծայած են այլ հոգեւոր պետերու եւ իշխանաւորներու։

Թէ հայ գիրքը ինչպիսի արժէք ունեցած է հայուն համար՝ վկայութիւնը կու գայ Եղեռնի օրերէն, երբ հայ հաւատացեալ կանայք կառչած մնացած են հայ գիրքի սրբութեան, երբ վտանգուած տեսած են Մշոյ ճառընտիրի ճակատագիրը։ Վտանգի օրերուն մարդ միայն պիտի խորհէր փրկել իրեն համար ամենէն թանկագին բանը՝ կեանքը, երկու կիներ կ՚որոշեն նախընտրութիւնը տալ ճառընտիրը փրկելու։ Որովհետեւ այդ մատեանը ծանր էր կրելու համար անապատի եւ ձորերու մէջ՝ կը կիսեն երկուքի եւ մէկ մասը շալկած կը հասցնեն ապահով հանգրուան։ Եւ ճակատագրի բերումով կը փրկուի նաեւ մատեանին միւս մասը, որ թաղուած էր հողի տակ եւ այսօր հերոսութեան խորհրդանիշ այդ կանանց Մշոյ ճառընտիրը կը մնայ իբրեւ նուիրական զարդերէն մէկը Հայաստանի Մատենադարանին։

Տեղացին իր հերթին լաւ ճանչցած է հայու համար արժէք նկատուած ամէն նուիրական բանը։ Եղեռնի օրերուն ան անխնայ հնձած է մեր գրողները, մեր միտքի ասպետները։ Եւ այն եղեռնական ճշդութեամբ գիտցած է ընտրել ամենէն հզօրները հայ տաղանդներուն։ Գրողներու կարգին՝ ան փճացուցած է նաեւ գրուածը։ Արդարեւ, 1915-ին, Եղեռնի օրերուն երկրին բանակը միայն Վանայ լիճի Լիմ անապատէն այրած է հազարաւոր ձեռագիր մատեաններ, որոնց ծուխը երկար ատեն պատած է շրջանի երկինքը։ Ինչպիսի՞ անստգիւտ գործեր՝ զորս ստեղծած էր հայու հանճարը, հրոյ ճարակ դարձած է տեղացիի բարբարոսութեան։ Ան, փճացնելէ ետք հայուն ֆիզիքական գոյութիւնը իր պատմական օճախին մէջ, փճացուցած է նաեւ անոր տաղանդին արգասիքը։ Պատուհասը՝ որ հասցուցած է հայու հանճարով ստեղծուած գրականութեան, հարուած մըն է նաեւ մարդկային քաղաքակրթութեան։ Այսօր առ յաւէտ կորսուած պատմագիրքերու հայերէն թարգմանութիւններէն կ՚օգտուին օտար պատմաբաններ եւ իմաստասէրներ, փրկուած հայկական ձեռագիրներու շնորհիւ։

Հայը, առհասարակ, չէ եղած ռազմական նուաճող ժողովուրդ, այլ միայն յարած է միտքի ու գիրքի հզօրութեան, կերտելու եւ պահպանելու համար իր մշակութային քաղաքակրթութիւնը։

Այսօր ժամանակները եւ արժէքները փոխուած են եւ ելեկտրոնիկ աշխարհի զարգացումը կարծէք դարձած է մահավճիռը նաեւ թուղթին ու գիրքին։ Սակայն մեր գրականութիւնն ու մեր պատմութիւնը չեն հատած սահմանագիծը թուղթի եւ ելեկտրոնիկի ու կը մնան գերազանցապէս ձեռագիր ու տպագիր մատեաններու մէջ։

Դժբախտաբար արտորանք մը կայ հեռանալու գիրքի աշխարհէն, նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, ուր գրական, գեղարուեստական հատորները կը տպագրուէին եւ կը սպառէին տասնեակ հազարներով, սակայն գիրքի այդ շուկան կծկուած է քանի մը հարիւրի սահմաններուն մէջ։ Երբ տակաւին չերաշխաւորուած մեր պատմութեան ու մշակոյթի ապագան ելեկտրոնիկ միջոցի մէջ, հրաժարումը գիրքի աշխարհէն՝ բան մը պիտի զեղչէ մեր ինքնութենէն։

«Պայքար»ի այս համարը հայ գիրքի եւ գրականութեան հետ առընչուող նիւթերու համադրութիւն մը հանդիսացաւ. մանաւանդ Յակոբ Վարդիվառեանի կողմէ հաւաքուած նիւթերով։ Այնտեղ ներկայացուած դրուագները սրտաճմլիկ երեւոյթներ կը պարզեն հայ գիրքի ոդիսականին մասին. երեւոյթ մը, որ կը պարզուի ամէն օր եւ ամէն տեղ, եւ յատկապէս Ամերիկայի մէջ։

Երբ գիրքի պաշտամունքը ունեցող սերունդը հեռանայ աշխարհէն՝ հայ գիրքին հետ կապուած քանի մը բաներ կը պատահին. այդ ընտանիքներուն զաւակները, որոնք ընդհանրապէս անծանօթ են հայ լեզուին՝ կը փորձեն ձերբազատուիլ գիրքերու այդ բեռէն. անոնց մեծ մասը գիրքերը կը սահմանեն աղբամանին, որովհետեւ արհամարհանք ունին այդ գիրքերու բովանդակութեան նկատմամբ. չեն խորհիր, որ ուրիշներ կրնան օգտուիլ այդ գիրքերէն, որովհետեւ արհամարհանք ունին նաեւ այն մարդոց նկատմամբ, որոնք արժէք մը կը գտնեն այդ գիրքերուն մէջ։

Ուրիշ խումբ մըն ալ, որուն անդամները յարգանք ունին իրենց ծնողաց հանդէպ, կը խորհի, թէ եկեղեցիներն ու հայկական այլ կազմակերպութիւններ կըր-նան հետաքրքրուիլ այդ գիրքերով. հետեւաբար այդ գիրքերը կը թափուին այդ հաստատութեանց դռներուն առջեւ եւ այդ կերպով կը հանգստացնէ իր խիղճը եւ ատկէ անդին ալ հետաքրքրուած չէ, որ ի՞նչ կը պատահի այդ գիրքերուն։

Անտուն ու թափառական գիրքեր, որոնք փոշիներու տակ կը մնան եւ կամ այդ հաստատութեանց պատասխանատուներուն կողմէ կը ղրկուին փոխակերպուելու (recycle) այլ առարկայի մը։ Եւ այդ գիրքը յարութիւն կ՚առնէ իբրեւ նպարավաճառի թուղթ կամ… այլ բան։

Գրողը, որ աչքին լոյսը մաշեցուցած էր այդ հատորը լոյս ընծայելու, կամ իր սիրտն ու միտքը քամած էր այդ գիրքին մէջ, աւելի յաճախ բախտաւոր է եթէ մահացած է, որպէսզի անտեղեակ մնայ իր գիրքին ճակատագրէն։

Առեւտուրը եւ ճարտարարուեստը հպարտութեամբ կ՚ուղղուին դէպի «թղթազերծ» (paperless) ընկերութիւն։ Գուցէ որոշ արդարացում մը կայ այնտեղ։ Սակայն, մեր գրականութեան, մեր պատմութեան ու մեր մշակոյթին ճակատագիրները կապուած են թուղթին. եւ տակաւին չենք հասած ճարտարարուեստի այն գերագոյն վիճակին, ուր թուղթին հետ զանց առնենք այդ թուղթին յանձնուած արժէքն ու պատմական առաքելութիւնը։ («Թուղթին փառքը» պիտի ըսէր Չօպանեան)։

Ի՞նչ կը մնայ մեզի ընել. ապաւինիլ ելեկտրոնային միջոցի՞ն, որ պիտի սահմանափակէր մեր աղբիւրներու եւ ժառանգութեան գլխաւոր մասը, թէ՝ շարունակել մնալ «յետամնաց» թուղթին կապուած եւ թուղթով ու մագաղաթով մեզի հասած ազնուագոյն ժառանգութեան։

Այս ներկայ դարուն ճզմող եւ հնձող գլանին ներքեւ երբ կը վտանգուի մեր ժառանգութիւնը, այլ չենք կրնար զայն որակել «անկորնչելի»։

Չողբանք ճակատագիրը գիրքին - եւ մանաւանդ հայ գիրքին - այլ պահենք զայն եւ անոր գանձերը բանանք նոր սերունդին առջեւ, որովհետեւ քաղաքակըր-թութիւնը կուտակումն է փորձառութեանց եւ այդ փորձառութեան վկան հայ գիրքն է։ Ամէն անհատ նոր քաղաքակրթութիւն մը չի կերտեր. այլ կ՚իւրացնէ իրեն ժառանգուածը եւ ատոր վրայ կ՚աւելցնէ իր փորձառութիւնը՝ փոխանցելու համար այդ բոլորը յաջորդ սերունդին, եւ դեռ այդ փոխանցման օղակը կը մնայ գիրքը։

Խմբագրական «ՊԱՅՔԱՐ»ի, Պոսթոն 

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2018