ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին։ Չանքայայի ապարանքին մէջ տեղի ունեցաւ այս եռակողմանի գագաթաժողովը, որու օրակարգի առաջնահերթ նիւթն էր Սուրիոյ տագնապը։ Սա այս ձեւաչափով հերթական՝ հինգերորդ գագաթաժողովը հանդիսացաւ եւ համընկնեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ Սուրիոյ տագնապի տեսանկիւնէն հրատապ իրադարձութիւններ տեղի կ՚ունենան։

Երէկուան գագաթաժողովի հիմնական արդիւնքը եղաւ՝ Սուրիոյ նոր Սահմանադրութեան մշակման հարցին շուրջ այս երեք երկիրներու միջեւ վերջնական համաձայնութեան մը ձեռքբերումը։ Գագաթաժողովի մասնակից ղեկավարները ընդգծեցին, որ լիակատար փոխըմբռնման մէջ են՝ Սուրիոյ տարածքաշրջանային ամբողջականութեան պահպանման եւ այս տագնապին համար մշտական քաղաքական լուծումի մը ապահովման ուղղութեամբ։ Գագաթաժողովին յաջորդած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ Սուրիոյ ապագային տեսակէտէ մեծագոյն վտանգը կը հանդիսանայ ՓՔՔ-ն։ Եռակողմանի այս փոխըմբռնումը արտայայտուեցաւ այլ անհանգստութեան մը ընդգծումով։ Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի շեշտեցին, որ անհանգիստ են օտար պետութիւններու ներկայութենէն Սուրիոյ մէջ։ Այստեղ խօսքը, ըստ էութեան, կը վերաբերի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն։ Արդարեւ, ամերիկեան կողմը կը ջանայ մասնատել Սուրիան։

Անգարայի գագաթաժողովի աւարտին Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ վերջնական նպատակն է Սուրիոյ հիւսիսին հաստատել խաղաղութեան միջանցք մը։ Սա պիտի կանխէ այդ երկրի մասնատումը։ Եթէ այս ուղղութեամբ յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին ԱՄՆ-ի հետ բաղձալի լուծումի մը հասնիլ կարելի չըլլայ, ապա Թուրքիա պիտի գործադրէ սեփական ծրագիրը։ Երէկուան գագաթաժողովին ընթացքին Ռուսաստանի եւ Իրանի ղեկավարներն ալ տեղեակ պահուած են այս ուղղութեամբ։

«Գագաթաժողովի ընթացքին առինք կարեւոր որոշումներ, որոնք Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծման յոյսերը կը կենդանացնեն։ Սահմանադրութեան յանձնաժողովի հարցին շուրջ համաձայնեցանք։ Եթէ խաղաղութեան միջանցքը իջեցնենք մինչեւ Ռաքքա, ապա Սուրիոյ վերադառնալիք ապաստանեալներուն թիւը կրնայ հասնիլ 3 միլիոնի», ըսաւ Էրտողան։

Վլատիմիր Փութին երէկ Անգարայի մէջ յայտարարեց, որ յաւելեալ քայլեր պիտի առնեն՝ Իտլիպի մէջ լարուածութեան յաղթահարման համար։ Իր կարգին, Հասան Ռուհանին ալ յայտնեց, որ ԱՄՆ Սուրիոյ մէջ կը խրախուսէ ահաբեկիչները։ Ան համոզուած է, որ Իտլիպէ ներս պայքար պէտք է մղել ահաբեկիչներու դէմ եւ պէտք է աջակցութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ կառավարութեան։ «Եփրատի արեւելքը ԱՄՆ-ի գերակայութեան տակ է եւ այնտեղ ալ կը գտնուին ահաբեկիչներ», ըսաւ Ռուհանի։

Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ առանձնազրոյցներ ալ ունեցաւ Փութինի եւ Ռուհանիի հետ։ Այս ձեւաչափով յաջորդ գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ։

Միւս կողմէ, «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Սուրիոյ ղեկավար Պեշար Էսատ նամակ մը ուղարկեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսին։ Այդ նամակին մէջ Էսատ ընդգծեց, որ ԵՓԿ-ՓՔՔ-ն անջատողական ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2019