ԿՈՒԹԵՐԵՍ. «ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԸ ԴՈՒՐՍ ԿՈՒ ԳԱՅ ՎԵՐԱՀՍԿՈՂՈՒԹԵՆԷ»

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ ընդհանրապէս աշխարհի վերաբերեալ տուեալները հետզհետէ կը դառնան մտահոգիչ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ համաճարակի բռնկումը դուրս կու գայ վերահսկողութենէ։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլին Կութերես ընդգծեց, որ մարդկութիւնը շուտով պիտի հատէ քորոնաժահրի հետեւանքով կորսուած կեանքերու մէկ միլիոնի շեմը։ Ընդհանուր քարտուղարը համաճարակը որակած է համաշխարհային անվտանգութեան դէմ թիւ մէկ սպառնալիք։ Ըստ միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներուն, երկրագունդի վրայ քորոնաժահրով վարակուածներու թիւը արդէն գերազանցած է 30 միլիոնի սահմանը։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճան ալ երէկ յայտարարեց, որ թէ՛ Թուրքիան եւ թէ համայն աշխարհը քորոնաժահրի յարձակման դիմաց այսօր շատ աւելի դժուար շրջան մը կը դիմագրաւեն՝ համաճարակի սկիզբին բաղդատմամբ։ Երէկ, Ֆահրետտին Քոճա գլխաւորեց Առողջապահութեան նախարարութեան առընթեր Գիտական խորհուրդի ժողովը։ Ժողովէն վերջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ֆահրետտին Քոճա շեշտեց, որ Թուրքիոյ մէջ համաճարակը արդէն վեցերորդ ամիսը աւարտած է։ Բաց աստի, նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ երէկ երեկոյեան հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 112 հազար 645 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1771 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 63 հոգի զոհ գնաց համաճարակին, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1342։ Ներկայ դրութեամբ 1351 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2020