ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ ՀԵՏԵՒԱՆՔՆԵՐ

Հայաստանի վրայ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած վերջին յարձակումներուն ծանրակշիռ հետեւանքները հետզհետէ երեւելի կը դառնան։ Հայաստանի Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Էտուարտ Ասրեան երէկ բացատրութիւններ տուաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն, որոնց համար կազմակերպուած էր շրջայց մը, որպէսզի կարողանան տեղւոյն վրայ տեսնել ստեղծուած իրավիճակը։

«Ատրպէյճան 8.5 կէս քիլօմեթր լայնութեամբ ճակատով, մինչեւ 7.5 քիլօմեթր խորութեամբ մխրճուած է Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածք։ Իր բանակի որոշ խումբեր եւ ջոկատներ կը գտնուին հայկական զօրքերու հսկողութեան տակ, նաեւ շրջափակման մէջ։ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը նախապէս 11-12 քիլօմերթ հեռաւորութիւն ունէին Ջերմուկ քաղաքէն։ Այժմ անոնք Ջերմուկէն 4.5 քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ են, բայց նոյնպէս շրջափակման մէջ», ըսաւ զօրավար Ասրեան։ Իր յայտարարութիւններուն մէջ ան շեշտեց, որ մարտավարական իրադրութիւնը կը գնահատէ կայուն։ Հաւաքոյթի ընթացքին զօրավարը տեղեկացուց, որ երէկուան դիտարկումներուն ժամանակ սահմանի հիւսիսային հատուածին մէջ Ատրպէյճանի զօրքերէն շուրջ 60 հոգինոց խումբ մը ետ քաշուած է դէպի Հայաստանի սահմանը։

Լրատուամիջոցները կը յիշեցնեն, որ անցեալ տարի մայիսին ալ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը առնուազն երեք ուղղութիւններով ներխուժած էին Հայաստանի տարածքը ու փաստացի ամրացած՝ քանի մը քիլօմեթր հեռաւորութեան վրայ։ Այդ ժամանակ եւս Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի այդ ուժերը պէտք է դուրս գան Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն, հայկական զինեալ ուժերու վերահսկողութեան տակ կը գտնուին։ Սակայն, աւելի քան տարի մը անց չկայ որեւէ լուր, թէ անոնք լքած են հայկական տարածքը։

Միւս կողմէ, Հայաստանի ղեկավարութիւնը այս շրջանին հետզհետէ կը բարձրաձայնէ իր յուսախաբութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ)։ Ծանօթ է, որ վերջին բախումներուն ժամանակ Երեւան պաշտօնապէս դիմած էր ՀԱՊԿ-ին։ Երէկ, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յուսախաբութիւն արտայայտեցին այս կառոյցէն։ «Շատ դժգոհ ենք, ՀԱՊԿ-էն ակնկալութիւնները չեն արդարանար, հետեւութիւններ կ՚ընենք», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2022