ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ. «ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼ ԿԱՐԵԼԻ ԵՂԱԾ Է՝ ԱՌԱՋԻՆ ՀԵՐԹԻՆ ՌՈՒՍԱՍՏԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ»

Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան՝ Սամարղանտի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովը՝ մանաւանդ երկկողմանի հանդիպումներու կտրուածքով, Հարաւային Կովկասի հրատապ իրադարձութիւններու քննարկման կարեւոր հարթակ մը հանդիսացաւ։ Տարածաշրջանի հիմնական դերակատարներու մեծամասնութիւնը ներկայացուած էր ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպումներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Փութին Սամարղանտի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որ օր մը առաջ ալ տեսակցած էր Էրտողանի հետ։ Այս բոլոր հանդիպումներուն ընթացքին Հարաւային Կովկասի իրադարձութիւնները ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Ռայիսի հերթական անգամ յամառօրէն յայտնեց, որ Իրան պիտի չհանդուրժէ Հայաստանի հետ իր սահմանին որեւէ ձեւով փոփոխութեան ենթարկուիլը։ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութիւնը դադրեցնել կարելի եղած է առաջին հերթին Ռուսաստանի աջակցութեամբ եւ ազդեցութեամբ։ Փութին ցաւ յայտնեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ծագած բախումներուն ընթացքին զոհուածներուն համար։

Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւ Փութինի հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց, որ սահմանի վերջին դէպքերուն հետեւանքով երկու կողմերէն ալ եղան բազմաթիւ զոհեր։ «Բայց, այժմ կարեւոր է, որ չփճացնենք յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ խաղաղ գործընթացը։ Վերջին իրադարձութիւնները ցոյց տուին, որ թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ Ա-տըրպէյճան չեն փափաքիր լայնածաւալ մագլցում», ըսաւ Իլհամ Ալիեւ։

Սամարղանտի մէջ կազմակերպուած գագաթաժողովին ժամանակ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Ալիեւ, որ նշեց, թէ միջազգային կարգ մը յառաջատար կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը անարդիւնաւէտ է։ Ան օրինակ ցոյց տուաւ ՄԱԿ-ի կողմէ 1993 թուականին ընդունուած բանաձեւերը եւ ըսաւ. «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ ՄԱԿ-ի բանաձեւերը 27 տարի չեն կատարուած։ Ատրպէյճան ինքը՝ ռազմաքաղաքական ճանապարհով կարգաւորած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ ապահոված՝ այդ բանաձեւերու իրականացումը»։

Սամարղանտի մէջ Ալիեւ Փութինի հետ զրուցելու ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց սահմանի վերջին դէպքերուն փութով արձագանգած ըլլալու համար։ Ան նշեց, որ բախումները տեւած են ութ ժամէ աւելի քիչ։ Անոնք այժմ դադրած են։ Իր պնդումով, թէեւ սկիզբին հայկական կողմը հրադադարը չէր յարգեր, բայց ընդհանուր առմամբ աւելի քան երկու օրէ ի վեր ան կը պահպանուի։ «Դժբախտաբար, սահմանային բախումներ կը պատահին, բայց գլխաւորը այն է, որ մենք յաջողեցանք իրավիճակը կայունացնել եւ տեղափոխուիլ խաղաղ հուն», նշեց Ալիեւ։

 

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 17, 2022