ԱՅՍՕՐ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՍԿՍԻ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԸ, ՈՐՈՒ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ՏԵՒԷ ԵՐԵՔ ՕՐ

Այսօր երեկոյեան, Երեւանի մէջ կը սկսի Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը։ «Դուին երաժշտասրահ»ի երդիքին տակ նախատեսուած պաշտօնական ընդունելութեամբ պիտի ազդարարուի այս համահայկական հաւաքին բացումը։ Աշխատանքային ծրագիրը պիտի սկսի վաղը առաւօտ եւ պիտի տեւէ երեք օր։ Երեւանի «Մերիտիան» ցուցադրութիւններու համալիրէն ներս տեղի կ՚ունենայ այս համահայկական հաւաքը, որ կազմակերպուած է Հայաստանի Սփիւռքի գործերու յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի գրասենեակին կողմէ։

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովի բացման փուլին ելոյթով մը հանդէս կու գայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024