ԵՐԵՒԱՆ-ԹԻՖԼԻԶ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Թիֆլիզ, ուր հիւրընկալուեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի կողմէ։ Երկու վարչապետները ունեցան առանձնազրոյց մը, որմէ վերջ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Մինչ անոնք մամլոյ ասուլիս մըն ալ սարքեցին, զուգահեռաբար հրապարակուեցաւ Երեւանի եւ Թիֆլիզի կողմէ համատեղ հռչակագիր մը։ Քոպախիծէ յայտարարեց, որ Վրաստան կ՚ողջունէ Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը՝ հարեւաններու հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իրակլի Քոպախիծէ յայտնեց, որ Թիֆլիզ կ՚ողջունէ Երեւան-Պաքու հակամարտութեան լուծման ուղղեալ դրական ընթացքը ու պատրաստակամ է իր դերակատարութիւնը ունենալու տարածաշրջանէն ներս կայունութեան ապահովման հարցին մէջ։ Քոպախիծէ համոզուած է նաեւ, թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի կողմէ ընդունուած ռազմավարական գործընկերութեան ուղղեալ հռչակագիրը կը նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ապագայ խորացման։

Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս հակամարտութեան էջը փակելու պատմական հնարաւորութիւն մը գոյութիւն ունի։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետներու առանձնազրոյցին ընթացքին ընդգծուեցաւ անոնց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու համար քննարկումները տարածաշրջանային ենթակառուցուածքներու զարգացման համատեղ ծրագրերու ուղղութեամբ, ինչ որ կը նպաստէ Հարաւային Կովկասէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման։ Փաշինեան Քոպախիծէի նկատառման յանձնեց Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի բովանդակութեան շուրջ ծաւալուած քննարկումները՝ ներառեալ սահմանազատման գործընթացը։

«Տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան շահառուն ո՛չ միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կ՚ըլլան, այլեւ Վրաստանը, Թուրքիան եւ Իրանը», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան Թիֆլիզի մէջ։ Փաշինեանի խօսքով՝ տարածաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման համար առանցքային կարեւորութիւն ունի տնտեսական բոլոր ենթակառուցուածքներու եւ կապուղիներու ապաշրջափակումը եւ լիարժէք օգտագործումը։ Սա Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին է։

Իր կարգին, Քոպախիծէն ալ ընդգծեց, որ Հայաստան-Վրաստան յարաբերութիւններուն մէջ նկատելի է լուրջ աշխուժութիւն եւ այդ թափը պէտք է անպայման պահպանուի։

ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Միւս կողմէ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Պլինքըն կարեւորեց տարածաշրջանէն ներս կայուն խաղաղութեան հաստատումը։ Իր կարգին, Իլհամ Ալիեւ ներկայացուց Պաքուի պայմանները՝ Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար։ Հարկ է յիշեցնել, որ Պլինքըն մօտաւոր անցեալին հեռախօսազրոյց մըն ալ ունեցած էր Նիկոլ Փաշինեանին հետ։

Երէկուան զրոյցի ընթացքին Էնթընի Պլինքըն ընդգծեց, որ Ուաշինկթըն բոլոր ջանքերը կը ներդնէ՝ Երեւան-Պաքու տեւական խաղաղութեան հասնելու համար։ Իսկ Ալիեւ համոզուած է, թէ տարածաշրջանէն ներս արդէն խաղաղութիւն գոյութիւն ունի, սակայն, խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար կարեւոր է, որպէսզի Հայաստան վերջ դնէ իր Սահմանադրութեամբ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներ ունենալու։ Այսպէսով Պաքու Ուաշինկթընի հետ ուղիղ շփման մթնոլորտի մէջ հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ իր նախապայմանը՝ Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը, խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար։ Ուստի, Պլինքըն եւ Ալիեւ համապատասխան շեշտադրումներով քննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024