ԶԳԱԼԻ ԵՒ ԿԱՐԵՒՈՐ ՔԱՅԼԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Ֆրանսայի աջակցութիւնը շատ զգալի է եւ կարեւոր։ Երէկ, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Սեժուրնէ աւարտեց դէպի Երեւան այցելութիւնը, որու եզրափակիչ փուլին ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Երկու նախարարներու մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները կը կրեն առանձնայատուկ բնոյթ մը եւ անոնց հիմքին կը գտնուին շարք մը ուժեղ շարժիչ գործօններ, որն է ամուր բարեկամութիւնը երկու ժողովուրդներուն միջեւ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ստեֆան Սեժուրնէն ալ յայտնեց, որ Փարիզ կը շարունակէ իր յանձնառութիւնը՝ Երեւանի հետ ամուր կապերը պահպանելու ուղղութեամբ։ «Միշտ կրնաք ձեր յոյսը դնել մեր վրայ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Ֆրանսա Հայաստանի հետ պիտի շարունակէ համագործակցութիւնը նաեւ պաշտպանութեան բնագաւառէն ներս։ Ան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան պատասխանատուութիւնն է մինչեւ COP29 կլիմայի փոփոխութեան միջազգային հաւաքը ցոյց տալ, թէ անկեղծօրէն խաղաղութեան կը ձգտի։ Միեւնոյն ժամանակ, Սեժուրնէ շեշտեց, որ Ֆրանսա կ՚աջակցի Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մշակուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին։ Ի լրումն այս բոլորին, Սեժուրնէ շեշտեց, որ Ֆրանսա հնարաւոր ամէն ինչ կ՚ընէ, որպէսզի Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւնները խորանան։

Ասուլիսի ընթացքին Արարատ Միրզոյեան կրկնեց, որ Հայաստան նուիրուած է խաղաղութեան օրակարգին եւ պատրաստ է օր առաջ ստորագրել ենթադրեալ համաձայնագիրը՝ այն ձեւով, որ արդէն համաձայնեցուած է կողմերուն միջեւ։ Իսկ Սեժուրնէ խոստացաւ Հայաստանը պաշտպանել՝ Ռուսաստանի ճնշումներէն։

Փաշինեան-Սեժուրնէ զրոյցին ընթացքին ալ անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ ծաւալուած քննարկումներուն։ Կողմերը կարծիքներ փոխանակեցին տարածաշրջանի գործընթացներուն վերաբերեալ։ Բաց աստի, Փաշինեան Սեժուրնէի հետ զրուցելու ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստան կը ձգտի ամրապնդել եւ ուժեղացնել իր ինքնիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու պետականութիւնը եւ այս ճանապարհին շատ բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի աջակցութիւնը։ 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024