Երեքշաբթի 12, Նոյեմբեր 2024
ԷՍԱՏ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՇՈՅԿՈՒՅԻ ՀԵՏ
Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ Դամասկոսի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։ Պաշտօնական աղբիւրները շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդած են այս զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ։
Էսատ եւ Շոյկու անդրադարձած են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցերուն։ Անոնք աչքէ անցուցած են նաեւ Մոսկուա-Դամասկոս յարաբերութիւններու ընթացքը։
Հարկ է նշել, որ տարածաշրջանէն ներս միշտ օրակարգի վրայ կը մնայ Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը։ Ամէն անգամ, որ Մոսկուա-Դամասկոս առանցքին վրայ բարձր մակարդակի հանդիպում մը տեղի կ՚ունենայ, ապա կը յաջորդեն Անգարա-Դամասկոս կարգաւորման վերաբերեալ նոր իրադարձութիւններ։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024