Ի՞ՆՉ Է ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆԸ
«Յեղափոխութիւնը մեզի ազատութիւն բերաւ», «Ով ազատութեան դէմ է՝ ստրուկ է», «Մեզ կ՚ուզեն ետ՝ դէպի անազատութեան նախկին ժամանակներ տանիլ», «Նիկոլը մեզ ազատութիւն պարգեւեց». նմանատիպ տեսակէտներ կարելի է յաճախակի լսել իշխանական ու մերձիշխանական շրջանակներէն ու անոնց ծառայող «ֆէյք»երէն:
«Յեղափոխականները» իրենց ուրոյն տօնը ունին՝ Քաղաքացիի օր, որ ամէն տարի ապրիլի վերջին շաբաթ օրը կը նշուի։ «Քաղաքացի» հասկացութիւնը, Քաղաքացիական պայմանագրի ընկալումով, «Ազատութիւն» հասկացութեան ածանցեալն է կամ անոր երկուորեակը: Տօնի խորհուրդը այն է, որ քաղաքացին, իրեն նման այլ քաղաքացիներու հետ, ինքն իր ազատ կամքով կ՚որոշէ սեփական ճակատագիրը, կ՚ընտրէ իր իշխանութիւնը։
Իսկ ի՞նչ է ազատութիւնը՝ ընդհանրապէս։ Այդ մասին կան տարբեր տեսակէտներ, որոնք փոխուած են ժամանակի, կրօնական պատկերացումներու, քաղաքակրթութիւններու, միջավայրի ու աշխարհայեացքներու ազդեցութեան տակ։ Ազատութեան որոշակի առումով կարելի է տալ հետեւեալ սահմանումը. ազատութիւնը այն է, երբ ենթական ինքնուրոյն որոշումներ կը կայացնէ՝ իր կամքով ու անձնական դրդապատճառներէ ելլելով։
Պուտիստները, օրինակ, կը համարեն, որ մարդ չի կրնար ազատ ըլլալ այս նիւթական աշխարհին մէջ, թէկուզ անոր համար, որ կախուած է օդի եւ սնունդի պահանջներէն, այսինքն՝ արտաքին միջավայրէն: Ազատութեան միակ տարբերակը՝ անձնական կամքով դուրս գալն է այս նիւթական աշխարհէն՝ ձերբազատուելով որեւէ նիւթական ու հոգեբանական կապանքներէ, այսինքն՝ գիտակցութիւնը ազատել արտաքին որեւէ ազդեցութենէ։
Ըստ քրիստոնէական բազմաթիւ ուսմունքներու, ազատութիւնը Աստուծոյ կամքը կատարելն է. եթէ Տիրոջ կամքը կը կատարէք, ուրեմն ազատ էք, եթէ ոչ, ապա, ըստ սահմանումին, ազատ չէք կրնար ըլլալ։
Այս բոլորը ընդունինք որպէս այլընտրանքային կարծիքներ եւ տեսնենք, թէ այս առընչութեամբ մեզի ինչ կ՚ըսէ աշխարհիկ տեսութիւնը. արդեօք բոլո՞րը պատրաստ են ազատութեան։ Բերենք այսպիսի համեմատութիւն մը. պատկերացուցէք՝ երկարատեւ անօթութենէ ետք, մարդուն մեծ քանակով ուտելիք տալ։ Հետեւանքը պարզ է՝ մարդը կը մահանայ, որովհետեւ սնունդին պէտք է վարժուիլ աստիճանաբար, փոքր չափաբաժիններով, մինչեւ որ մարմինը կարենայ ընտելանալ սնունդի մեծ քանակին։
Ազատութեան ալ պէտք է քայլ առ քայլ ընտելանալ։ Շատ ժողովուրդներ ու անհատներ կործանած են անոր անպատրաստ ըլլալուն պատճառով: Ազատութիւն կը նշանակէ կարենալ ընտրել, իսկ ընտրութեան համար պէտք է որոշ սկզբունքներու հետեւիլ, ձեւաւորուած աշխարհայեացք ունենալ, գեղագիտական ու մարդկային վարքագիծի համապատասխան կանոններ, փորձ, աւանդոյթներ, մտածելու ունակութիւն, թէկուզ «թրէյնինկ»ի մակարդակով, եւ ամենակարեւորը՝ անձնական պատասխանատուութիւն։
Թքող, աղտոտող, հայհոյող զանգուածը արդեօք պատրա՞ստ է ազատութեան։ Արդեօք ունա՞կ է կարծիքներ լսելու, հետեւութիւններ կատարելու եւ ընտրելու։
Ազատութիւնը ինքնին դեռ բարիք չէ, ընդամէնը հնարաւորութիւն մըն է, որուն եթէ պատրաստ չես, կրնայ չարիք դառնալ՝ վերածուելով ամենաթողութեան խրախճանքի։
Խմբագրական՝ www.acnis.am-ի