«ՃԱՆԱՉՈՒՄԷՆ ՀԱՏՈՒՑՈՒՄ» ԳԻՏԱԺՈՂՈՎԸ

Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ «Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն-100. ճա­նա­չու­մէն հա­տու­ցում» խո­րագ­րեալ մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը։ Գի­տա­ժո­ղո­վի քննարկ­ման հիմ­նա­կան նիւթն է Մեծ ե­ղեռ­նի ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ռըն­չուող խնդիր­նե­րու լայն շրջա­նակ մը, յատ­կա­պէս՝ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւանք­նե­րու վե­րաց­ման եւ հա­տուց­ման ի­րա­ւա­քա­ղա­քա­կան ու ըն­կե­րատն­տե­սա­կան խնդիր­նե­րը։

Գի­տա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցին ա­ւե­լի քան հա­րիւր մաս­նա­գէտ­ներ Հա­յաս­տա­նէն, Գեր­մա­նիա­յէն, Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Աւստ­րիա­յէն, Ռու­սաս­տա­նէն, Աւստ­րա­լիա­յէն, Ուք­րայ­նա­յէն, Գա­նա­տա­յէն, Լե­հաս­տա­նէն ու Հուն­գա­րիա­յէն։

Մաս­նա­կից­նե­րուն ուղ­ղեալ ող­ջոյ­նի խօս­քեր յղած են Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը եւ Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը։

Գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պած են Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միան եւ Ե­րե­ւա­նի Պե­տա­կան հա­մալ­սա­րա­նը։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015