Շաբաթ 11, Յունուար 2025
«Ո՛Չ ԹԷ ԱԼԻ, ԱՅԼ ԱՐԻ, ԻՄ ՀՐԱՄԱՆԱՏԱ՛Ր»
Բեմադրիչ Տենիզ Էօզտէն, որ «Մրցումի մը օրագրութիւնը» խորագրեալ կարճ ժապաւէնով ազգային ու միջազգային փառատօններու մէջ նուաճած էր տասնչորս մրցանակներ, այս օրերուն հանրութեան կը ներկայանայ իր փաստավաւերագրական առաջին աշխատանքով։ «Ո՛չ թէ Ալի, այլ Արի, իմ հրամանատա՛ր» ժապաւէնը կը ներկայացնէ փոքրամասնութեանց փորձառութիւնը բանակային ծառայութեան մէջ։ Ֆիլմին անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Հանդիսականներու հետաքրքրութեան արժանացած ժապաւէնը բանակային ծառայութեան ընթացքին փոքրամասնական համայնքներուն պատկանող տղամարդկանց փորձառութիւնը կը քննէ նոր հայեացքով մը։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015