«ՎԵՐԱԴԱՐՁԻ ՓԱՌԱՏՕՆ»
Դասական երաժշտութեան «Վերադարձի փառատօն»ը, որ պիտի կայանայ ութերորդ անգամ, լեցուն պիտի ըլլայ առաջին անգամ ներկայացող ստեղծագործութիւններով։ Այս մասին երէկ յայտարարեց փառատօնի հիմնադիր Մարիամ Շահինեան։ «Այս տար-ւան «Վերադարձի փառատօն»ը նուիրուած է Մեծ եղեռնի 100-րդ տարելիցին։ Այս մէկը խիստ հետաքրքրաշարժ փառատօն մըն է, որ հանդիսատեսին պիտի ներկայանայ հինգ համերգով։ Փառատօնի համերգային ծրագրերը համահունչ ընտրուած են Մեծ եղեռնի տարելիցին», ըսաւ Շահինեան։
Հոկտեմբերի 19-ին կայանալիք բացման համերգին պիտի հնչեն Տիգրան Մանսուրեանի «Ֆանթազիա»ն, Հայաստանի հանրութեան առաջին անգամ պիտի ներկայացուի Ստեփան Լուսիկեանի «Դէպի Գողգոթա» դաշնամուրային ստեղծագործութիւնը եւ Էտկար Յովհաննէսեանի «Պարոք համերգ»ը ու Ալֆրէտ Շնիթքէի «Քոնչերթօ կրոսսօ»ն։
«Սա իւրայատուկ փառատօն մըն է, որու նմանը չկայ աշխարհի վրայ։ Ան վաղուց դարձած է նշանակալից երեւոյթ մը մեր երաժշտական կեանքին մէջ։ Գաղափարը ծնած է ժամանակի թելադրանքով եւ հանգամանքներու բերումով, որ մեր երաժիշտներէն շատեր ուսանելու կամ այլ պատճառներով հեռացած են Հայաստանէն։ Սակայն այս փառատօնը հնարաւորութիւն կու տայ, որպէսզի անոնք վերադառնան Հայաստան եւ իւրօրինակ հաշուետուութեամբ ներկայանան մեր ունկնդիրներուն», ըսաւ անուանի դաշնակահարուհի Սվետլանա Նաւասարդեան։
Փառատօնի շրջագծով ստեղծուած է եւ իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ «Վերադարձ» նուագախումբը, որու միայն երկու անդամները հայ են։ Այս մէկը եւս գաղափար մըն է, որու նպատակն է փառատօնի շնորհիւ օտարներուն ներկայացնել հայ մշակոյթն ու պատմութիւնը։ Փառատօնը պիտի եզրափակէ Դաւիթ Յարութիւնեանի ղեկավարութեամբ գործող ֆրանսական «Թանկօ քորպոն» քառեակը, որ պիտի ներկայացնէ համաշխարհային դասական թանկոներ։