ԱՄՆ-ԷՆՆՈՐ ԶԵԿՈՅՑ
Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակեց Միջազգային կրօնական ազատութիւններու ամենամեայ զեկոյցը։ Այնտեղ նշուած է, թէ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն»ի (ԻՇԻՊ) յարձակումները կը սպառնայ տարածքաշրջանի կրօնական փոքրամասնութեանց եւ ազգերուն։ Զեկոյցը կ՚ընդգծէ նաեւ ալեւիներուն ենթարկուած խտրականութիւնը եւ հակահրէական յայտարարութիւնները։
2014-ին վերաբերող զեկոյցը կը նշէ, թէ ԻՇԻՊ-ի տարածքաշրջանէ ներս ունեցած ազդեցութեան հետեւանքով հազարամեակներէ ի վեր այնտեղ ապրող քրիստոնեաները կը ստիպուին փոխել իրենց կրօնքը։
Զեկոյցին Թուրիքոյ վերաբերող հատուածին մէջ նշուած է, որ երկրէ ներս խտրականութեան կ՚ենթարկուին ալեւիները, որոնց պաշտամունքի վայրերը պաշտօնապէս որպէս աղօթատեղի չեն ընդունուիր։ Զեկոյցը կը մատնանշէ նաեւ կրօնքի պարտադիր դասընթացքները, ինչպէս նաեւ հրեաներուն ուղղեալ հակասեմական յայտարարութիւնները։ Ըստ զեկոյցին, Թուրքիոյ քաղաքական առաջնորդներու խօսքերուն մէջ աւելցած են հակահրէական բառերը։ Օրինակ տրուած են Էրտողանի յայտարարութիւններէն։
Զեկոյցին մէջ տեղ գտած է նաեւ Հէյպէլի կղզիի յունաց դպրեվանքի վերաբացման գործընթացէն ներս որեւէ զարգացում չարձանագրուիլը։
Հայաստանի վերաբերող հատուածին մէջ զեկոյցը կը նշէ, թէ թէպէտ սահմանադրութեամբ կամրագրուի կրօնական ազատութիւնը եւ կրօնական հաւատքի դաւանելու, զայն ընտրելու կամ փոխելու իրաւունքը, սակայն երկրի սահմանադրութիւնը նաեւ կը ճանչնայ «Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ առանձնայատուկ դերը՝ որպէս ազգային եկեղեցի հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքէն ներս, ազգային մշակոյթի զարգացման մէջ, եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ուղղութեամբ»։
Զեկոյցը կ՚ընդգծէ, որ թէպէտեւ ըստ օրէնքի հանրային կրթութիւնը աշխարհիկ է, սակայն դրոցներու հինգ-տասնմէկերորդ դասարաններու աշակերտներուն կ՚ուսուցանուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւնը։ Եկեղեցին իրաւունք ունի մասնակցելու այդ դասագիրքերու եւ դասընթացքը վարող ուսուցիչներու պատրաստման գործընթացին։ Աշակերտները չեն կրնար հրաժարիլ այդ դասընթացքէն։ Կը յիշատակուի նաեւ այն փաստը, որ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետեւորդները ունին անվճար մուտք կամ իրաւունք ներկայացուցիչներ ունենալու հիւանդանոցներուն, մանկատուներուն, գիշերօթիկներուն եւ զօրամասերուն մէջ, մինչդեռ կրօնական միւս խումբերու ներկայացուցիչները յիշեալ վայրերու մէջ կրնան իրենց ներկայացուցիչը ունենալ միայն այդ ուղղութեամբ հարցում ուղղելու եւ դրական պատասխան ստանալու պարագային։