ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ
«Ընկերային ցանցեր եւ փոքրամասնութիւններ» նախագծի շրջագծով նախատեսուած արտասահմանեան աշխատանքային այցելութիւնը տեղի ունեցաւ 6-9 Հոկտեմբեր թուականներու միջեւ՝ մասնակցութեամբ նախագծի ղեկավար, Ենիգիւղի Ս. Աստուածածին յունաց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Լաքի Վինկասի, խորհրդականներ Օժ. Տոց. Ուլաշ Քարանի, Մարինա Տրիմալիթուի, իրաւագէտ Ռիթա Էնտէրի, ասորի համայնքէն Էօզճան Կեչէրի եւ «Փարոս» հանդէսի խմբագիրներէն Սարգիս Կիւրեղի մասնակցութեամբ։
Այցելութեան առաջին օրուան ընթացքին մասնակիցները այցելեցին Եւրոպական քաղաքականութեան կեդրոնը, ինչպէս նաեւ ընդունուեցան Եւրոպական միութեան մօտ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցչութեան փոխ-ներկայացուցիչ Ֆաթիհ Հաստեմիրի եւ Միջազգային ներման կազմակերպութեան Պելժիոյ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Հենսմանսի ու այլ պատասխանատուներու կողմէ։ Հանդիպումներու ընթացքին օրակարգի նիւթ դարձան Թուրքիոյ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան գործընթացի տեսակէտէ նման նախագիծերուն ունեցած կարեւորութիւնը։ Պատասխանատուներուն տեղեկութիւններ փոխանցուեցան Թուրքիոյ եւ Յունաստանի մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններուն, ինչպէս նաեւ Նոյեմբերի 13-ին կատարելի միջազգային խորհրդաժողովին մասին։ Նախագիծը գնահատանքով ընդունուեցաւ եւրոպացի պաշտօնատարներուն կողմէ եւ նկատուեցաւ քայլ մը՝ Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց եւ արտայայտման ազատութեան զարգացման առումով։
Երկրորդ օրուան տեւողութեան նախագծի մասնակիցները այցելեցին Համաշխարհային քրիստոնէից միութիւնը, Եւրոպական յանձնաժողովի Թուրքիոյ գրասենեակի պատասխանատուներ Փաթրիք Փաքէթն ու Եոլանտա Սան Խոզէն, ինչպէս նաեւ Սահման չճաչցող մարդկային իրաւանց կազմակերպութեան ղեկավար Վիլի Ֆոթրէն։ Ներկայացնելէ ետք իրնեց ծրագիրը, կայացաւ խորհրդակցութիւն մը Թուրքիոյ եւ աշխարհի վրայ կրօնքի եւ պաշտամունքի ազատութեան նիւթին շուրջ։
Այցելութեան վերջին օրուան ընթացքին Լաքի Վինկաս ու իր ընկերները Եւրոպական խորհրդարանին մէջ մէկտեղուեցան Թուրքիոյ բարեկամներուն հետ։ Իսկ վերջին տեսակցութիւնը իրականացաւ Եւրոպական միութեան բարձր ներկայացուցչութեան ղեկավար Սթեֆանօ Մանսերվիսի հետ։
Դէպի Պրիւքսէլ իրականացած այցելութենէն ետք անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ փոխադարձ երկխօսութեան եւ աշխատանքին երկրէն ներս ունենալիք փոփոխութիւններուն առումով կարեւորութիւնը, Եւրոպական միութեան ծրագրերուն անուրանալի դերը քաղաքացիներու հիմնական իրաւունքներուն եւ ազատութիւններուն տեսակէտէ եւայլն։