ԳԵՐՄԱՆԻԱ Կ՚ԱՌԿԱԽԷ

Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նը առ­կա­խեց 1915-ի դէպ­քե­րը որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բնո­րո­շող օ­րի­նագ­ծին ըն­դու­նու­մը։ «Տէր Շփի­կէլ» հան­դէ­սը կը հա­ղոր­դէ, որ խորհրդա­րա­նա­կան խմբակ­ցու­թիւն­նե­րը նա­խագ­ծի երկ­րորդ եւ եր­րորդ ըն­թեր­ցում­նե­րը յե­տաձ­գած են ա­նո­րոշ ա­պա­գա­յի մը, քուէ­նե­րու միաս­նու­թեամբ։ Ըստ հան­դէ­սին, այս ո­րոշ­ման մէջ դեր խա­ղա­ցած է փախս­տա­կան­նե­րու տագ­նա­պին գծով լու­ծում փնտռե­լու այս օ­րե­րուն Թուր­քիան չգրգռե­լու պա­րա­գան։ Գեր­մա­նիա այս քայ­լը ա­ռաւ Եւ­րո­պա­կան ա­տեա­նի ան­ցեալ օ­րուան ո­րո­շու­մէն ետք։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015