ԷՆՏՈՆԵԶԻԱՅԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Էնտոնեզիոյ Հանրապետութեան Տարածքաշրջանային ներկայացուցիչներու պալատի (ծերակոյտ) նախագահ Իրման Կուսմանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալեց Իրման Կուսմանը, որ ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Զրուցակիցները կարեւորեցին Հայաստան-Էնտոնեզիա յարաբերութիւններու զարգացումը։
Բացի բարձր մակարդակի հանդիպումներէն, իր կեցութեան ընթացքին, Իրման Կուսման Երեւանի մէջ այցելեց նաեւ Կոմիտասի նորահաստատ թանգարան-կաճառը։ Այս մէկը Էնտոնեզիայի առաջին բարձրաստիճան ու մեծ պատուիրակութեան այցելութիւնն էր դէպի Հայաստան։ Հետեւաբար, քաղաքական հանդիպումներէն զատ հիւրերը հաղորդ դարձան հայկական մշակոյթին ու մանաւանդ Կոմիտաս Վարդապետի թողած ժառանգութեան։ Թանգարանէն ներս Իրման Կուսմանի ի պատիւ կատարումներով հանդէս եկաւ «Գեղարդ» երգչախումբը՝ ներկայացնելով Կոմիտասի հոգեւոր եւ ժողովրդական գործերէն նմոյշներ։
«Ես շատ տպաւորուած եմ Կոմիտաս Վարդապետի թանգարանով։ Այս թանգարանը մեզի տուած է մեծ դասեր՝ գնահատելու համար մէկը, որ իր կեանքը անցուցած է որպէս հայ մեծ ուսուցիչ եւ երաժիշտ», ըսաւ Իրման Կուսման «Արմէնփրէս»ի թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին։