ՓԵՐԻՆՉԷՔԻ ՈՐՈՇՄԱՆ ԴԷՄ

Եւ­րո­պա­յի մար­դու ի­րա­ւանց ա­տեա­նին կող­մէ Տո­ղու Փե­րին­չէ­քին վե­րա­բե­րեալ ար­ձա­կուած վճի­ռը ար­ձա­գանգ ստեղ­ծած է նաեւ Թուր­քիոյ մէջ։ Այս առ­թիւ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը հրա­պա­րա­կե­ցին Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց միու­թիւ­նը եւ Յի­շո­ղու­թեան կեդ­րո­նը։ Ա­նոնք յի­շե­ցու­ցին, թէ դա­տին մաս­նակ­ցած էին որ­պէս եր­րորդ կողմ եւ դա­տա­կան թղթած­րա­րէն ներս կա­տա­րած էին ի­րենց զգու­շա­ցում­նե­րը, ո­րոնք ցարդ կը շա­րու­նա­կեն պա­հել ի­րենց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կը նշուի, թէ ի նպաստ Փե­րին­չէ­քի ար­տա­յայտ­ման ա­զա­տու­թեան տրուած այս ո­րո­շու­մը մամ­լոյ մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ դիտ­մամբ սխալ կը ներ­կա­յա­ցուի հան­րու­թեան, իբր թէ Եւ­րո­պա­կան ա­տեա­նը հաս­տա­տած է հա­յե­րու դէմ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը ի­րա­գոր­ծուած չըլ­լա­լու փաս­տը։ «Այս վա­րուե­լա­կեր­պը դի­տում­նա­ւոր ու յստակ խե­ղա­թիւ­րում մըն է եւ սուտ է», նշուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ, ըստ ո­րու Թուր­քիոյ մէջ դեռ կը շա­րու­նա­կուի ու­րա­ցու­մի գոր­ծըն­թա­ցը եւ հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւ­նը չու­նի կեան­քի ա­պա­հո­վու­թիւն։

Մարդ­կա­յին ի­րա­ւանց միու­թիւնն ու Յի­շո­ղու­թեան կեդ­րո­նը հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թեամբ ան­գամ մը եւս կը շեշ­տեն, որ պի­տի շա­րու­նա­կեն պայ­քա­րիլ ու­րա­ցու­մին դէմ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015