ՖԷՆԷՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ կա­յա­ցաւ «Քրիս­տո­նէու­թեան հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րը» (թրքե­րէն) գրքին շնոր­հան­դէ­սը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Յու­նաց Պար­թո­լո­մէոս Ա․ Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը, Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ․ Ա­րամ Արք․ Ա­թէ­շեան, Ա­սո­րի Ուղ­ղա­փար Ե­կե­ղեց­ւոյ Պատ­րիար­քա­կան Փո­խա­նորդ Եու­սուֆ Չե­թին Ար­քե­պիս­կո­պո­սը, Հռո­մէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Լուի Փլաթր Գե­րա­պայ­ծա­ռը, Բո­ղո­քա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Վե­րա­պա­տուե­լի Իհ­սան Էօզ­պէք, ինչ­պէս նաեւ այլ հո­գե­ւո­րա­կան­ներ, մամ­լոյ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, հրա­ւի­րեալ­ներ։

Շնոր­հան­դէ­սի բաց­ման խօս­քը ար­տա­սա­նեց Սուրբ Գրոց ըն­կե­րու­թեան տնօ­րէն Թա­մար Քա­րա­սու։ Այ­նու­հե­տեւ ար­տա­յայ­տուե­ցան գրքի պատ­րաստ­ման յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րէն Տ․ Սա­հակ Եպսկ․ Մա­շա­լեան, որ պատ­մեց գրքի պատ­րաստ­ման ըն­թաց­քը, Տ․ Տր­դատ Քհնյ․ Ու­զու­նեան, որ ծա­նօ­թա­ցուց յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րը, Հէյ­պէ­լի կղզիի յու­նաց դպրե­վան­քի տե­սուչ Էլ­փի­տո­ֆո­րոս Լամպ­րի­նիա­տիս Ե­պիս­կո­պո­սը, Վե­րա­պա­տուե­լի Իհ­սան Էօզ­պէք, Լուի Փլաթր Գե­րա­պայ­ծա­ռը, Եու­սուֆ Չե­թին Ար­քե­պիս­կո­պո­սը, Տ. Ա­րամ Արք․ Ա­թէ­շեան եւ հուսկ՝ Պար­թո­լո­մէոս Ա․ Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քը։ Ըն­թաց­քին Թա­մար Քա­րա­սու ըն­թեր­ցեց նաեւ ա­ղօթք­ներ Ներ­սէս Շնոր­հա­լիէն, Յով­հան Ոս­կե­բե­րա­նէն, Եփ­րեմ Ա­սո­րիէն եւ այլ սուր­բե­րէն։

Հա­տո­րը կա­րե­ւոր կը նկա­տուի, քա­նի որ պատ­րաս­տուած է տար­բեր յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մուած յանձ­նա­ժո­ղո­վի մը կող­մէ։ Շուրջ հա­րիւր է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած հա­տո­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դէ   քրիս­տո­նէու­թեան, աս­տու­ծոյ գո­յու­թեան, փրկա­գոր­ծու­թեան խոր­հուր­դին, Ս․ Եր­րոր­դու­թեան վար­դա­պե­տու­թեան, Յի­սու­սի յա­րու­թեան, երկ­րորդ գալս­տեան, Ս․ Հո­գիի, ե­կե­ղեց­ւոյ տե­ղին ու դե­րին, Ս․ Գիր­քին, քրիս­տո­նէա­կան բա­րո­յա­կա­նի, քրիս­տո­նէու­թեան ու մշա­կոյ­թի յա­րա­բե­րու­թեան եւ է­քիւ­մե­նիզ­մի մա­սի­ն։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015