ԶԱՐՄԱՆԱԼԻ ՄՕՏԵՑՈՒՄ
Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Երեւանի մէջ տեղի ունեցած գագաթաժողովէն վերջ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը։ Ռուս ղեկավարը Երեւանի գագաթաժողովին առընչութեամբ յայտարարութիւններ ըրաւ «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութեան։ Փութին այս կապակցութեամբ ըսաւ. «ՀԱՊԿ ստեղծուած է արտաքին բնոյթով սպառնալիքներուն դէմ համատեղ արձագանգելու համար։ Մենք պէտք է ձեւով մը արձագանգենք նաեւ մեր շուրջ տեղի ունեցածներուն, բայց պէտք է ձգտինք, որպէսզի բոլոր խնդիրները, որոնք մեզի հասած են անցեալէն, լուծուին խաղաղ ճանապարհով եւ փոխզիջումներու հիման վրայ։ Այն իսկ փոխզիջման, որուն պատրաստ է թէ՛ մէկ եւ թէ միւս կողմը։ Այս համատեսքին մէջ մենք քննարկած ենք նաեւ ղարաբաղեան խնդիրը»։
Փութին շեշտեց, որ Երեւանի մէջ քննարկուած են նաեւ նախկին Խորհրդային Միութեան միւս հանրապետութիւններուն միջեւ առկայ կարգ մը լարուածութիւնները։ «Մեզի համար նոյնիսկ կարեւոր չէ՝ նախկին Խորհրդային Միութեան այս կամ այն հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի անդամ է, թէ ոչ։ Կարեւոր է, որ մենք այդ բոլոր երկիրներուն հետ պատմականօրէն ձեւաւորուած առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունինք։ Եւ անոնք շատ աւելի կարեւոր են ու խոր, ՆԱԹՕ-ի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բաղդատմամբ։ Մենք չենք կրնար սա հաշուի չառնել», նշեց Փութին։
Երեւանի մօտ լայն արձագանգ ստեղծած է նաեւ ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին ընթացքին Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրովի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը, ըստ որու Թուրքիա կրնայ դրական դերակատարութիւն մը ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման շրջագծով։ Մինչ Արցախի ճակատին վրայ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներն ալ կը շարունակուին հետեւողականօրէն՝ հայկական դիւանագիտութիւնը վերջին օրերուն Լաւրովի այս մօտեցումներուն դէմ հանդէս եկաւ իրերայաջորդ քննադատութիւններով։ News.am կայքէջին տուած հարցազրոյցին մէջ շաբաթավերջին Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտնեց, թէ Թուրքիա բացայայտ միակողմանի իր դիրքորոշմամբ տեղ չունի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցային գործընթացին մէջ։ Ըստ իրեն, Թուրքիա պէտք է բանայ սահմանը Հայաստանի հետ ու պէտք է վերջ տայ Ատրպէյճանի սադրիչ եւ ապակառուցողական քայլերը խրախուսելու։
«Հոկտեմբերի 14-ին Երեւանի մէջ ընդունուած ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու նախագահներու՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ յայտարարութիւնը աջակցութիւն յայտնած է Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի համաձայնութիւններուն՝ ուղղուած հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութեան սրման թոյլ չտալու, իրավիճակի կայունացման եւ խաղաղ գործընթացի յառաջ մղման համար պայմաններու ստեղծման։ Բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը պէտք է հիմնուած ըլլայ միջազգային իրաւունքի երեք հանրայայտ սկզբունքներուն՝ ուժի կամ անոր սպառնալիքի չկիրառման, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի վրայ», ըսաւ Շաւարշ Քոչարեան։
Միեւնոյն ժամանակ փոխ-նախարարը ընդգծեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին շուրջ Ռուսաստանի դիրքորոշումը արտայայտուած է այդ յայտարարութեամբ, այլ ոչ թէ Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներով հրամցուող Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ Սէրկէյ Լաւրովի խօսքերու այլասերմամբ. որակաւորում, որուն նախապէս Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային գործընթացը խեղաթիւրելու պատճառով արժանացած էր ատրպէյճանական կողմը։
Իր կարգին, Սէրկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնը մեկնաբանեց նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեան։ Ըստ իրեն, Սէրկէյ Լաւրով իր վերջին յայտարարութեամբ ակնարկած է, որ Մոսկուա պաշտօնապէս կողմնակից կ՚ըլլայ, որպէսզի Արցախի տարածքներու յանձնման հաշւոյն սկսի Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Արման Մելիքեան համոզուած է, որ Լաւրով լաւ գիտէ, որ ինչի մասին է խօսքը։ «Բոլորովին վերջերս Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Չավուշօղլու յայտարարեց այն մասին, թէ Լեռնային Ղարաբաղի կողմէ այսպէս կոչուած ատրպէյճանական նախկին հինգ շրջաններու յանձնումը կրնայ խթանել հայ-թրքական յարաբերութիւններու բարելաւման գործընթացը։ Որքան յայտնի է՝ տարածքներ յանձնելու տարբերակը դիտարկուած է նաեւ Քրեմլինի կողմէ, որպէս հակամարտութիւնը իբր թէ կարգաւորելու առաւել իրատես տարբերակ։ Ըստ էութեան Պարոն Լաւրով ակնարկած է, որ Մոսկուա պաշտօնապէս կողմնակից կ՚ըլլայ, որպէսզի Արցախի տարածքներու յանձնման հաշւոյն սկսի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Պարզ է, որ քանի տակաւին հայ-թրքական սահմանը կը վերահսկուի ռուս սահմանապահներու կողմէ՝ Անգարայի հետ մեր յարաբերութիւններու բարելաւման չափը պիտի որոշուի Մոսկուայի մէջ։ Այսինքն՝ այս տարբերակի գործարկման պարագային՝ Ատրպէյճանին տարածքներ պէտք է յանձնենք ընդամէնը այն բանին համար՝ որպէսզի Ռուսաստան հերթական անգամ մեր արմատական շահերու հաշւոյն կարգաւորէ սեփական յարաբերութիւնները Պաքուի եւ Անգարայի հետ։
«Իրականութեան մէջ Ռուսաստան Հարաւային Կովկասի մէջ սեփական շահերը ապահովելու եւ դիրքերը պահպանելու միայն մէկ տարբերակ ունի։ Այդ մէկը ամենեւին չի նախատեսեր Արցախի տարածքի զոհաբերութիւն։ Բայց ասոր համար մեր ռուսաստանցի գործընկերներէն պիտի պահանջուի քաղաքական հեռատեսութիւն եւ որոշ խիզախութիւն։ Ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ անոնք իրականութեան մէջ ինչ բանի ընդունակ պիտի ըլլան», նշեց Արման Մելիքեան։